«Չեմ Ուզեր Մեր Իշխանութիւններուն Մէջ Դաւաճաններ Տեսնել» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
«Ես չեմ ուզեր մեր իշխանութիւններուն մէջ դաւաճաններ տեսնել: Իբրեւ ընդդիմութիւն ես կը քննադատեմ իշխանութիւններուն ծրագիրները, սակայն չեմ ցանկար իշխանութիւններուն մէջ տեսնել անձեր, որոնք կանխամտածուած կը դատարկեն երկիրը», յայտարարած է Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով «Հայաստանի մէջ արտագաղթի նուազեցման ուղղուած քաղաքականութեան բարելաւում» նիւթով տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքներուն:
«Արտագաղթը կը նկատուի այսօրուան Հայաստանի ազգային ապահովութեան սպառնալիք եւ արտագաղթի դադրեցման ուղղութեամբ պէտք է իրականացնել յստակ քայլեր: Այս խնդիրին լուծումը պէտք է դիտարկել իբրեւ ազգային փլաթֆորմ», շեշտած է պատգամաւորը:
Ան նշած է, որ արտագաղթի յաղթահարման ուղիներ փնտռելու գործին մէջ պէտք է ներգրաւուին բոլոր քաղաքական ուժերը` իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը, այլընտրանքը, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ Հայ առաքելական եկեղեցին: «Մարդիկ կ՛արտագաղթեն Հայաստանէն աշխատանքի բացակայութեան, արժանի վարձատրութիւն չունենալու, արդարադատութեան նկատմամբ հասարակութեան մօտ հաւատքի բացակայութեան, ինչպէս նաեւ ապագայի նկատմամբ անորոշութեան առկայութեան պատճառով: Բոլորը պէտք է միաւորէ ոչ թէ իրարու դէմ չարութիւնը, այլ խնդիրները միասնական, համախմբուած լուծելու ցանկութիւնը: Մենք պէտք է մեր դրական յատկութիւններուն վրայ կառուցենք մեր ծրագիրները եւ լուծենք երկրին առջեւ դրուած խնդիրները», դիտել տուած է Մինասեան:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, Դաշնակցութեան առաջարկած «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» արտագաղթի նուազեցման ծրագիրին մէջ տեղ գտած կարգ մը առաջարկներ արդէն իսկ կը ներառուին կառավարութեան ծրագիրներուն մէջ, յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ ներկայացուած առաջարկը: «Մեր ծրագիրին մէջ ներառուած են արդար վարձատրութեան համակարգի ներդրումը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կը կատարուի նուազագոյն աշխատավարձի խնդիրին: Արտագաղթի նուազեցման համար պէտք է հասարակութեան մէջ հաւատքը վերականգնել ապագայի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ վարել մարդուժի ճիշդ քաղաքականութիւն: Մենք մեր ծրագիրին մէջ կարեւոր կը նկատենք աշխատատեղերու ստեղծման ծրագիրը եւ կը պահանջենք կառավարութենէն հրապարակել աշխատատեղերու ստեղծման «ճամբու քարտէս»: Կը Կարծենք, որ կառավարութեան յայտարարուած 100 հազար աշխատատեղերու ստեղծումը բաւարար չէ», հաստատած է Արծուիկ Մինասեան:


