Ուաշինկթընի Մէջ ՀՅԴ – ԽԺԿ Բարձրաստիճան Հանդիպում

Հանդիպումէն տեսարան մը

Ձախէն` Կարօ Արմէնեան, Մեհմետ Եուկսել, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Սալահէտտին Տեմիրթաշ, Նազմի Կիւր, Անի Հարոյեան, Արամ Համբարեան

 

 

 

 

 

 

 

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայ-քրտական համագործակցութեան կարելիութիւնները, հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական հասարակաց ձգտումները:

Նախորդ օրը, Յ. Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած հայկական պատուիրակութիւն մը մասնակցած էր Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Քրտական դերը նոր Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ` Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն:

Տեմիրթաշի հետ հանդիպումէն ետք, Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը առիթ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը` հայ-քրտական համագործակցութեան կարելիութիւններու, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելի ընդգրկուն` հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներուն մասին»:

Հանդիպումին համար Տեմիրթաշին կ՛ընկերակցէին Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, ԽԺԿ կուսակցութեան Ուաշինկթընի ներկայացուցիչ Մեհմետ Եուկսել:

Իբրեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Տեմիրթաշ, 2009-էն ի վեր, խորհրդարանէն ներս եւ դուրս` հրապարակաւ արծարծած է Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ զայն ուրանալու թրքական պետական քաղաքականութիւնները` դատապարտելով զանոնք:

Share this Article
CATEGORIES