Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Հնդկաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հնդկաստանի Բարի կամքի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` խորհրդարանական յարաբերութիւններու պետական նախարար Փապան Սինքհ Կաթովարի գլխաւորութեամբ:

Նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ հնդիկ խորհրդարանականներուն Հայաստան այցելութիւնը լաւ առիթ է աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայաստանին, հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին, զգալու մեր ժողովուրդին ջերմ վերաբերմունքը հնդիկ ժողովուրդի նկատմամբ: Նախագահը միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով շատ կարեւոր նկատած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը եւ յոյս յայտնած, որ Հնդկաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած ըլլան իրենց հայ գործընկերներուն հետ:

Զրուցակիցները համակարծիք էին այն մասին, որ խորհրդարաններու միջեւ կառուցողական եւ սերտ համագործակցութեան զարգացման մեծապէս կը նպաստէ նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ ձեւաւորուած բարեկամութեան խումբերու աշխատանքը:

Երկու կողմերը ընդգծած են, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ գոյութիւն ունին քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ, երկու երկիրները սերտօրէն կը գործակցին միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ եւ զանազան հարցերու նկատմամբ ունին ընդհանուր մօտեցումներ, ինչ որ լաւ հիմք է զարգացնելու յարաբերութիւնները նաեւ առեւտրական-տնտեսական ու մարդասիրական մարզերուն մէջ:

Կողմերուն համոզմամբ, դարերու պատմութիւն ունեցող հայ-հնդկական ջերմ բարեկամական յարաբերութիւնները, սերտ մշակութային կապերը կը պահպանուին եւ կ՛ամրապնդուին նաեւ Հնդկաստանի հայ համայնքին շնորհիւ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հնդկաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան` հայ համայնքին, հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան եւ հոգատար վերաբերմունքին համար:

Քննարկուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող եւ զարգացման զգալի ներուժ ունեցող կարգ մը մարզեր, ինչպէս` տեղեկատուական արհեստագիտութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան եւ այլ մարզեր, նաեւ համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնները. այս բոլորը կը խրախուսուին երկու երկիրներու տնտեսութիւններուն մէջ փոխադարձ ներդրումներով:

Նախարար Փապան Սինքհ Կաթովար շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին անկեղծ ու ջերմ խօսքերուն համար եւ ընդգծած, որ Հնդկաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ բարեկամ Հայաստանի հետ բոլոր մարզերուն մէջ կապերու զարգացման:

 

Share this Article
CATEGORIES