Նազարեան Անթոյլատրելի Նկատեց Ազրպէյճանի Սպառնալիքները

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ նախանցեալ օր «Շրջանային վստահութեան ամրապնդման միջոցներ» օրակարգի կէտով ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան: Նշելով, որ այդ միջոցները կը հանդիսանան կարեւոր բաղկացուցիչներ` միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման ու պահպանման համար` դեսպան Նազարեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ մնայուն կերպով հնչող սպառնալիքներուն, զինուորական ծախսերու բարձրացման ու անոր պատճառով սանձազերծուած սպառազինութիւններու մրցավազքին եւ սահմանային սադրիչ գործողութիւններուն:

Կարէն Նազարեան նշած է, որ Ազրպէյճան շարունակ կը մերժէ ո՛չ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն առաջարկած խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունքները, այլ նաեւ վստահութեան ամրապնդման բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնց կարգին` սահմանագիծէն արձակազէններու հեռացման, զինադադարի խախտման դէպքերուն համար հետաքննութիւն հոլովոյթներ ստեղծելու առաջարկները:

Share this Article
CATEGORIES