Միակ Բոյս Մը` Պատրաստելու Համար Թէ՛ Տապկուած Գետնախնձորներ, Թէ՛ Ալ Լոլիկով Թացան
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անգլիոյ շուկային վրայ վերջապէս իջած է «Թոմթէյթօ»-ն: Այս բոյսը նոյն ատեն կ՛արտադրէ լոլիկներ… եւ գետնախնձոր:
Ո՛չ, «Թոմթէյթօ»-ն տարօրինակ փորձերէ մէջտեղ չէ ելած, արտասովոր տարրալուծարանի մը մէջ: Անիկա պարզապէս «զգուշօրէն կատարուած» պատուաստ մըն է` ըստ այս նիւթը շուկայ իջեցնող պարտիզամշակութեամբ զբաղող «Թոմսըն էնտ Մորկըն» անգլիական ընկերութեան: Եւ ահաւասիկ արդիւնքը. այս երկու տեսակներէ յառաջացած «նոր» բոյսը անուանուած է «Թոմթէյթօ» (թոմէյթօ եւ փոթէյթօ, լոլիկ եւ գետնախնձոր, անգլերէն բառերէն), որ գետնին վրայ կ՛արտադրէ կեռաս-լոլիկներ եւ գետնախնձոր` արմատներուն մակարդակին վրայ:
Մե՞ծ գիւտ մը: Ոչ այնքան մեծ… լոլիկները եւ գետնախնձորները նոյն ընտանիքին մաս կը կազմեն: Հետեւաբար անոնք իրարու հետ բնականօրէն կը յարմարին: Անոնց իրարու հետ խառնուրդը չի կարօտիր անոնց ծիները փոփոխութեան ենթարկելու, այլ պարզապէս գտնել նոյն հասակով երկու կոթեր, զանոնք կտրել եւ ապա զանոնք իրարու կապել. թեքնիք մը, որ մատչելի է ոեւէ պարտիզպանի… Սակայն եթէ պատահի, որ օր մը դուն հանդիպիս ծառի մը, որ նոյն ատեն կու տայ թէ՛ խնձոր, թէ՛ պանան, թէ՛ ալ կեռաս, հոս պէտք է զգուշանաս:
Սակայն ինչի՞ կը ծառայէ նման գիւտ մը: Ոչ անպայման մեծ բանի մը. տունկը կ՛արժէ մօտաւորապէս 20 տոլար եւ պտուղներ կու տայ միայն մէկ եղանակ: Ապա պէտք է նոր տունկ մը գնել: Հետեւաբար հաճելի է պատշգամին վրայ նման տարօրինակ բոյս մը ունենալ, սակայն անիկա մեծ գիւտ մը չէ:
Իսկ Լոլիկը Պտո՞ւղ Է, Թէ՞ Բանջարեղէն
Անիկա թէ՛ պտուղ է, թէ՛ ալ բանջարեղէն:
Անիկա պտուղ կը համարուի, որովհետեւ կը կազմուի բոյսի մը ծաղիկէն: Սակայն նոյն ատեն բանջարեղէն է, որովհետեւ բանջարեղէնը, բանջարանոցի մը մէջ, պարտիզպանին կողմէ մշակուած բոյսէ մը բաժին մըն է: Հետեւաբար բանջարեղէն մը կրնայ ըլլալ պտուղ (ինչպէս` պղպեղը), սակայն նաեւ` արմատ մը (ինչպէս ստեպղինը), կամ` կոթ մը (ինչպէս կարոսը), կամ ալ` տերեւ մը (ինչպէս հազարը):
Լոլիկը եկած է Հարաւային Ամերիկայի հիւսիս-արեւմուտքէն: Էնքաները լոլիկը կը մշակէին 16-րդ դարուն, սպանացիներուն ժամանումէն շատ առաջ:
Եւրոպայի մէջ առաջին լոլիկները տնկուեցան Սպանիոյ հարաւը, Սեւիլիոյ մէջ: Սակայն այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ կը կարծէին, թէ այս բոյսը թունաւոր էր… Լոլիկը Ֆրանսա կը հասնի 17-րդ դարուն եւ կ՛անուանուի «սիրոյ խնձոր»:
Իրարու հետ բազմաթիւ խաչաձեւումներէ ետք, այժմ գոյութիւն ունին լոլիկի հազարաւոր տեսակներ` տարբեր գոյներով եւ տարբեր ձեւերով: Գիտնականները կը շարունակեն տարբեր տեսակներ իրերու հետ խաչաձեւել` ստանալու համար նոր լոլիկներ, աւելի լաւ, աւելի գեղեցիկ եւ հիւանդութիւններուն ու միջատներուն դէմ աւելի դիմացող:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Լոլիկը կազմուած է 94 առ հարիւր ջուրէ:
Գետնախնձորի կողքին, լոլիկը աշխարհի մէջ ամէնէն շատ եփուած բանջարեղէնն է:
Խոհագիր
Լոլիկով Եւ Մոցարելլայով Աղցան
Եթէ լոլիկ կը սիրես, ահա` դիւրին աղցան մը, որ կրնաս շինել եւ… գետնախնձորի հետ ուտել:
Պէտք ունիս (4 անձերու համար)
4 գեղեցիկ կարմիր լոլիկներու, 300 կրամ մոցարելլա պանիրի, փունջ մը ռեհանի (պազիլիք), քիչ մը խոզկաղինի, ձէթի, պալսամիք քացախի, աղի, պղպեղի, մանանեխի:
Պատրաստութիւն
1.- Մոցարելլան 2-3 մմ հաստութեամբ շերտերու կտրել: Լոլիկները կլոր-կլոր բարակ կտրել:
2.- Լոլիկները իրարու վրայ անցնելով` շարէ պնակին մէջ: Իւրաքանչիւր լոլիկի շերտի միջեւ կտոր մը պանիր դիր: Ամբողջ պնակը ծածկէ:
3.- Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստէ թացանը` իրարու հետ խառնելով ձէթը, քացախը, մանանեխը, աղը եւ պղպեղը:
4.- Այս թացանը պարպէ լոլիկի եւ պանիրի շերտերուն վրայ: Քանի մը տերեւ ռեհան առ փունջէն եւ զանոնք շատ մանր ջարդէ, ապա զանոնք սրսկէ աղցանին վրայ` առանց մոռնալու նաեւ խոզկաղինները:
– Բարի՛ ախորժակ:
Պիտի Ուզէի՞ր Ուտել Տարրալուծարանի Մէջ Շինուած Միս
Հոլանտացի գիտնականներու խումբ մը կրցած է միս շինել տարրալուծարանին մէջ: Այդ միսով պատրաստուած համպըրկըր մը պիտի ուտուի մօտ օրէն, Լոնտոնի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
Այո՛, այդ համպըրկըրը իւրայատուկ պիտի ըլլայ… եւ պիտի արժէ աւելի քան 375 հազար տոլար:
Անիկա շինուած է տարրալուծարանի մէջ բազմապատկուած կովու բջիջներէ. զայն արտադրելու համար պէտք չէ եղած որեւէ անասուն մորթել: Այս պատճառով ալ անասուններու պահապան բազմաթիւ միութիւններ կը քաջալերեն այս աշխատանքները:
Սակայն, ասոր կողքին, 6 շաբաթ պէտք եղած է արտադրելու համար 140 կրամ միս: Բջիջները շատ դանդաղ կը բազմապատկուին: Սակայն, անշուշտ, ասիկա սկիզբ մըն է: Եթէ այս փորձը լաւ եւ համոզիչ արդիւնքներ տայ, կրնայ ըլլալ, որ մենք տասնեակ մը տարիներ ետք շուկայի վրայ դիւրութեամբ գտնենք այս «տարրալուծարանի միսէն»: Սակայն ի՞նչ գնով:
Ճիշդ է, որ տարրալուծարանի մէջ շինուած այս միսին առաւելութիւնը այն է, որ ան չի կարօտիր անասուններ մորթելու, սակայն անիկա չի նմանիր մեր սովորական կերած «իսկական» միսին: Անիկա մոխրագոյն է եւ ձգախէժի կերպարանք ունի: Իսկ հա՞մը… Պէտք է մենք հարցնենք անոնց, որոնք բախտը պիտի ունենան (կամ ոչ) զայն համտեսելու:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Միջին հաշուով, ամերիկացի մը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՛ուտէ ընտանեկան մեծ ինքնաշարժի մը ծանրութեամբ համպըրկըր:
- Հին եգիպտացիները կը հաւատային, որ անձի մը հոգին կը գտնուէր անոր սրտին մէջ:
- Ներկայի Չինաստանի մէջ կ՛ապրին 150 տարիներ առաջ ամբողջ աշխարհին մէջ ապրող բնակիչներէն աւելի մարդիկ:
- Ողիմպիական ոսկի մետալները շինուած են աւելի քան 90 առ հարիւր արծաթէ:
- Աշխարհի վրայ այժմ գոյութիւն ունին աւելի քան 10 միլիոն միլիոնատէրեր:
- Հողի որդերը 5 սիրտ ունին:
- Արուեստագէտ մը 10 հազար ատամնակրկիտ գործածելով` շինեց 1,2 մեթր մեծութեամբ հեռավար նաւ մը:
- Կարելի է մեղր արտադրող մեղուներ վարժեցնել` ռումբերու հոտը առնելու:
- Անջրպետին մէջ աւելի աստղ կայ, քան երկրագունդին վրայ, աւազի հատիկ:
- Կղէոպատրան Եգիպտոսի թագուհի դարձաւ պարմանուհիի տարիքին:
- Փանտայի (արջակատու) աղտոտութիւններէն կարելի է թուղթ շինել:
- Կարմիր անձրեւ տեղացած է Եւրոպայի եւ Ասիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ:
- Աշխարհի ամէնէն ծանր սոխը կը կշռէ մարդու մը գլուխէն աւելի:
- Փերուի մէջ բախտաբեր կը համարուի Նոր տարուան օրը դեղին ներքնազգեստ հագուիլը:
- Հին եգիպտացիները կապիկներ կը մարզէին` պարելու եւ երաժշտութիւն նուագելու:
- Հարլէյ Տաւիտսոն շարժանիւ մը շինուած էր ճիշդ հսկայ համպըրկըրի մը ձեւով:
- Մարդկային ոտքի գտնուած ամէնէն հին հետքը 350 հազար տարեկան է:
Ժամանց

Կրնա՞ս ամբողջացնել եռանկիւնը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակի երկու շրջանակներուն մէջի թիւերուն գումարումին:









