Տեսակէտ – Ազատ Բեմ. Խորհրդածութիւններ Եւ Յուշեր. «Ազգային Սահմանադրութիւն Հայոց»-ի Վաւերացման 150-ամեակին Առթիւ(1)

ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ
Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ

«… Նորա թերթերը վարդի թերթէն աւելի փափուկ են.
խստութեամբ մի՛ շօշափէք, պատառ պատառ կը լինի…»:

(Ատնգր. Ազգային ընդհանուր ժողովի, նիստ ԿԳ, 1873 յուլիս 6)

ՊԱՏՐԻԱՐՔ Մ. ԽՐԻՄԵԱՆ

Այո՛, ան 150 տարիներու փառքի բեռ մը ունի շալակին, սակայն այդ պատուոյ ծանրութեան տակ ո՛չ միայն չէ կքած, այլ իր ոգիով եւ էական սկզբունքներով կը շարունակէ առաջնորդ հանդիսանալ մեր ազգային-եկեղեցական-կրթական կեանքին, մանաւանդ` արեւելեան սփիւռքի երկիրներուն մէջ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին ենթակայ թեմերուն եւ ի մասնաւորի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ:

Կքողը, թեքուողը ես էի եւ տրտմութեան տարտամ զգացումով մը կը մտածէի, որ մեր Ազգային սահմանադրութեան վաւերացուելէն մէկուկէս դարու տարեդարձին մասին խօսող, գրող չկայ: Ինքզինքս կը մխիթարէի` մտածելով, որ գուցէ կա՛յ,  եւ ես տեղեակ չեմ:

Եւ մեծ եղաւ ուրախութիւնս, երբ ձեռքս անցաւ Վ. Աբրահամեանին այդ մասին գրած մէկ յօդուածը («Հորիզոն»-ի 11 փետրուար 2013-ի թուակիրին մէջ): Յօդուածը կոչ մըն էր, ճի՛չ մը` ի տես Ազգային սահմանադրութեան 150-ամեակին տարեդարձը ոգեկոչելու անտեսումին: Յուսախաբ էր, որ ազգային որեւէ կառոյց, կամ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, տարեդարձին մասին յայտարարութիւն մը չէր կատարած. յուսացած է, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը (որ տարիները կը հռչակէ որոշ թեմայի մը մասին. Աստուածաշունչի տարի, ընտանիքի, ազգային պահանջատիրութեան, հայ կնոջ, մանուկի, գիրքի տարի) «այս տարի անդրադառնայ այս շատ կարեւոր տարեդարձին եւ տարին նուիրէ անոր, բայց ակնկալութիւնը ի չիք ելած է»:

Յօդուածը, միաժամանակ, կո՛չ մը, հրաւէ՛ր մըն էր` ուղղուած «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարութեամբ մտահոգներու բանակին… անհրաժեշտ դասերը քաղելու Ազգային սահմանադրութեան հեղինակներու տեսլականէն»:

Յօդուած մը, որ ես եւ շատեր նոյն գաղափարները բաժնելով, առանց վերապահութեան, պիտի ստորագրէինք:

Ընդհանուր գիծերու մէջ թէեւ յայտնի են, թէ ի՛նչ հոլովոյթներէ անցաւ մեր ազգային-եկեղեցական-հասարակական կեանքը նախքան 1863-ին Ազգային սահմանադրութեան պետական վաւերացումը, որով, իրաւականօրէն (տէ ժիւրէ) ի զօրու դարձաւ ան, այսուհանդերձ, ժամանակագրական կարգով, համառօտ ակնարկ մը նետենք հետեւեալ թուականներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ:

– 1453-ին Օսմանեան կայսրութեան հռչակաւոր պետերէն սուլթան Ֆաթիհ Մոհամետ Բ.ը կը գրաւէ Պոլիսը եւ զայն կը դարձնէ օսմանեան պետութեան մայրաքաղաքը:

– 1461-ին, հակակշռելու համար յոյներու գերակշռութիւնը, սուլթանը կը հիմնէ հայոց պատրիարքութիւնը, եւ իր հրամանով Յովակիմ եպիսկոպոսը կը դառնայ առաջին հայ պատրիարքը: Սուլթանը, Պալքաններէն եւ այլ շրջաններէն, հայերը կը կեդրոնացնէ Պոլիս:

– 1461-էն առաջ ահա թէ ի՛նչ վիճակի մէջ էին հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը.

«Սելճուք, թաթար եւ այլ վաչկատուն ցեղեր աւարած եւ աւերած էին հին Հայաստանը եւ գրաւած էին երկիրը (եւ… «շէն երկիրը մեր դարձել էր դամբան» Ա. Ծ.), հայը դադրած էր քաղաքական պատմութիւն ունենալէ. երկրի տէրերը դարձած էին հպատակ, անպաշտպան բազմութիւն… Եկեղեցին կը ստանայ չտեսնուած կարեւորութիւն, հոգեւորականը կը դառնայ ժողովրդապետ եւ կը ներկայացնէ իր հօտը այլազան իշխաններու առաջ… ազգութիւնը կը նոյնանայ եկեղեցւոյ հետ…», ինչպէս նկարագրած է Ն. Աղբալեան «Ամբողջական երկեր», հատոր 2-ին մէջ, ծանօթ. էջ 225-230:

– Մինչեւ 1860 տիրող կացութենէն` ամիրաներու եւ պատրիարքարանի իշխանաւորութենէն ազատագրուելով` Ազգային ընդհանուր ժողովը կը քուէարկէ սահմանադրութիւնը:

– Բայց 17 մարտ 1863-ին միայն, երկար ձգձգումներէ ետք, պետութիւնը կը վաւերացնէ սահմանադրութիւնը:

– Ուրեմն 1461-1863 Հայ եկեղեցին ստանձնած էր քաղաքական իշխանութիւն: Պատրիարքը դարձած էր ներկայացուցիչը Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ բոլոր հայերուն (պետութեան շահը կը պահանջէր, որ մէկ անձի` պատրիարքին միջոցով պետական հրահանգները գործադրուէին):

– 1863-էն ետք, քանի մը անգամ դադրեցուելէն ետք, 1923-ին քեմալական կառավարութիւնը վերջնականապէս վերջ կու տայ Ազգային սահմանադրութեան Թուրքիոյ մէջ:

– Սակայն սփիւռքի մէջ անիկա կը շարունակէ գործադրուիլ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ (2):

Վերեւի հակիրճ պատմականը ընելէ ետք խոստովանիմ, որ դժուար է նոր քննարկում ընել այս նիւթին մասին, նկատի ունենալով, որ այդ մասին բազմաթիւ խոր, սպառիչ եւ վերլուծական ուսումնասիրութիւններ գոյութիւն ունին գիրքերու եւ յօդուածներու մէջ, նմանապէս` հիմնաւորուած արժեւորում-գնահատանք անթիւ են: Այդ աշխատասիրութիւններէն ոմանք յիշուած են ստորեւի ծանօթագրութեան մէջ, որոնք իմ աղբիւրներուս մէկ մասն են, եւ որոնց կրնան դիմել այս մասին խորապէս հետաքրքրուողները:

Մեր սահմանադրութիւնը, թէեւ ոմանց համար ժամանակավրէպ, հնաբոյր, սուլթաններէն մնացած օրէնք մը կը սեպուի, սակայն ցարդ, ինչպէս վերը ըսի, սփիւռքի կարեւոր մէկ հատուածին համար անփոփոխելի կը համարուի եւ փաստօրէն կը շարունակէ գործադրուիլ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ:

Եւ եթէ բաղդատական մը ընենք մեր եւ այլ երկիրներու սահմանադրութիւններուն միջեւ, ցայտուն կերպով ի յայտ կու գայ մեր սահմանադրութեան աւելի կանուխ զարգացած ըլլալը:

Ի վերջոյ նշենք, որ արաբական աշխարհը մեր սահմանադրութենէն 150 տարիներ ետք է, որ կը ջանայ «Արաբական գարուն»-ով ժողովրդավարական կարգեր հաստատել իր երկիրներուն մէջ (3):

* * *

Այստեղ մեծ փակագիծ մը բանալով` յիշատակենք Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին կողմէ իսկ շրջան մը սահմանադրութեան անտեսուած ըլլալը, ինչպէս կը նկարագրէ Թորգոմ Փոսթաճեան իր յորդառատ եւ սուր գրիչէն արտադրուած բազմաթիւ գիրքերէն վերջինին մէջ («Պատմութիւն Կիլիկիոյ մեր հայրենիքի բռնագրաւման եւ պատմութիւն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղահանման եւ Անթիլիաս – Լիբանան – հաստատման», Լոս Անճելըս, 2012, էջ 40-41): Թ. Փոսթաճեան նախագահն է Ամերիկահայ գրողներու միութեան:

«Գարեգին Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի
Գահակալական
Տարիները

Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեանցի գահակալական շուրջ ութ տարիները (1945-1952) Անթիլիասի դպրեվանքին համար եղան ամէնէն բեղմնալից տարիները:

… Վեհափառը հայ մատենագիտութեան եւ բանասիրութեան անզուգական գիտնականն էր եւ ինք եւս եղաւ մեր անփոխարինելի դասախօսն ու դաստիարակը:

«Կարեւոր Լուսաբանութիւն Մը

«Գարեգին Ա. վեհափառ կաթողիկոս իր ութ տարիներու գահակալութեան շրջանին երբեք թոյլ չտուաւ, որ «Ազգային իշխանութիւն» կամ «Ազգային վարչութիւն» անուան տակ գործող մարմիններ պաշտօն վարեն թէ՛ մեր թեմերուն մէջ եւ թէ՛ կաթողիկոսարանին համար: (Ընդգծումը` մեր կողմէ. Վ. Շ.):

«Կիլիկիոյ աթոռի պատգամաւորներ, «Ազգային վարչութեան» անդամներ ամէն փորձ ըրին, որ գոնէ օր մը ժողովի նստելու առիթ ունենան Գարեգին Ա. վեհափառին հետ, բայց միշտ մերժուեցան:

«1948 թուին Հալէպէն Պէյրութ եկաւ անուանի ազգային մը` խնդրելու Գարեգին Յովսէփեանցէն, որ ընթացք տայ Ազգային վարչութեան անդամներու խնդրանքին` խորհրդակցական ժողովի մը ունկնդրութեան համար:

«Գարեգին Ա. վեհափառ Յովսէփեանց վճռականապէս մերժեց հետեւեալ բառերով. «Դա իմ գործն է, եւ ոչ թէ ձերը»: (Ընդգծումը մեր կողմէ. Վ. Շ.):

«Այս միջադէպը տեղի ունեցաւ իմ ներկայութեան, որովհետեւ վեհափառի գաւազանակիրն էի այդ թուին:

«Արդ, հարց է գիտնալ, թէ այդ տարիներուն, երբ «Ազգային վարչութիւն» եւ այլ աշխարհիկ մարմիններ եւ կուսակցութիւններ զուրկ մնացին կաթողիկոսարանին եւ մեր թեմերուն իրենց ընծայելիք աշխատանքէն կամ ծառայութենէն, կաթողիկոսարանն ու մեր թեմերը տուժեցի՞ն որեւէ ձեւով: Ո՛չ, երբեք:

«Ընդհակառակը, այդ ութ տարիները եղան շատ օրհնաբեր եւ բարգաւաճ տարիներ` թէ՛ կաթողիկոսարանին համար եւ թէ՛ յատկապէս դպրեվանքին համար»:

Դժուար է վերեւի մէջբերումով միա՛յն բաւականանալ եւ այս առթիւ չընել հետեւեալ  նկատողութիւնները, նոյնիսկ եթէ ներկայիս, 60 տարիներ ետք, անտեղի կամ ժամանակավրէպ համարուին անոնք.

«… Երբ արդէն,
Ծանր պատմութեան գլանը հարթիչ,
Թաղել է անդարձ ամէն ոխ ու քէն…» (Ա. Ծ.):

Եւ նմանապէս (կամովին) անգիտանալով ներքին ծալքերը, երբ արդէն, կաթողիկոսական մեր երկու Ս. Աթոռներու վեհափառ գահակալները («… երկուք, որ բաժանում չէ, այլ բազմապատկութիւն…» (Ե. Տ.) եղբայրական սիրով կը ծառայեն մեր եկեղեցիին, որ հայ ժողովուրդն է, այդպիսով, միաժամանակ սերտացնելով Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնները:

Երբ Էջմիածնի Ամենայն հայոց վեհափառ կաթողիկոս Գարեգին Բ. Հայաստանի անհաւատ դարձած ժողովուրդը դէպի եկեղեցի եւ հաւատք վերադարձնելու աստուածահաճոյ գործընթացին մէջ է:

Եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ իր հովուած սփիւռքի թեմերը կ՛ընթանան Ազգ. սահմանադրութեան կարգ ու կանոնով:

Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, «Բաց խօսիմք եւ ո՛չ ամաչիմք», փաստօրէն, եթէ 1923-էն ի վեր քեմալական թրքական պետութեան օրով Թուրքիոյ մէջ սահմանադրութիւնը ընդմիշտ դադրեցուեցաւ գործադրուելէ, սփիւռքի մէջ ալ, Գարեգին Ա.ի օրով էր, որ (1945-1952) անոր կիրարկումը կասեցուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ իսկ (որուն ընթացքին սահմանադրութեան մեծապանծ կերտիչներուն աճիւնները հաւանաբար խլրտացին իրենց շիրիմներուն մէջ):

Ու մխիթարուեցայ, երբ վերագտայ Խ. Թէօլէօլեանի հետեւեալ խօսքերը, որով ան եւս ընդվզումով մատնանշած է ազգային մարմիններու թերացումը` հանդէպ սահմանադրութեան չյարգուելուն: Ան ըսած է.

«Դժբախտութիւնը հոն է սակայն, որ մօտաւոր անցեալի մէջ եւ մեր օրերուն պատասխանատու կարգ մը եկեղեցականներու օրինազանցութիւնները եւ կամայական քայլերը արժանի լրջութեամբ քննութեան նիւթ չեն դառնար պատկան ազգային մարմիններու եւ ժողովներու կողմէ…

(Խ. Թէօլէօլեան իր գիրքը գրած է 1968-ին, Վ. Շ.):

«Օրինակներ տուած ըլլալու համար նախ մօտաւոր անցեալէն կ՛ուզենք յիշատակել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հոգելոյս կաթողիկոսին` Գարեգին Ա.ի պոլոժենիական տրամադրութիւնները եւ վեթոյական իրաւունքներ ապահովելու նպատակով առաջարկած կանոնագրային փոփոխութիւնները, որոնք` մինչեւ 1952 (իր վախճանումի թուականը) պատճառ դարձան ներքին ու հրապարակային պայքարներու, այս տողերը գրողը եւս հարկադրելով շեշտակի ընդդիմադրութեան ու ստիպելով, որ, տարիներո՜վ ճակատ յարդարենք հակասահմանադրական իր յաւակնութեանց դէմ ու մղենք իր շուրջ դեգերող փշրանքի ասպետները` մեզ «թշնամի՜» հռչակելու պատկառելի եկեղեցականին ու մտաւորականին…

«Գարեգին կաթողիկոս բարձր արժանիքներու տէր հովուապետ մըն էր, սակայն չկրցաւ զերծ մնալ Էջմիածնայ հրահանգող իշխանութեան ու յատկապէս զինք շրջապատող «աղա»-ական շրջանակներու ազդեցութենէն. փորձեց Կիլիկեան Աթոռի թեմական կանոնագրութեան մէջ աւելցնել յօդուած մը, որուն հիման վրայ կաթողիկոսը իրաւունք պիտի ունենար հաստատելու կամ չեղեա՜լ նկատելու Ազգ. Կեդր. վարչութեան կողմէ տրուած որեւէ որոշում: Հոս, այս կէտին մէջ, լոկ գործադիր իշխանութեան մը հանգամանքը ներկայացնող կաթողիկոսը պիտի կարենար հրահանգող հեղինակութիւն դառնալ` ի հեճուկս ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին …»:

(Խ. Թէօլէօլեան. Ծանօթ.ի մէջ յիշուած գիրքէն, էջ 31-32):

Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ, որ վեհափառ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսը տաղանդաւոր դէմք եւ հմուտ գիտնական էր: Ան եղած է նաեւ Սարդարապատի դիւցազնամարտի «ոսկեղենիկ Եղիշէն»: Եւ իրօք, երբ տակաւին եպիսկոպոս էր, հայրենաշունչ իր ճառով խրախուսած էր հայկական բանակները, որոնք ապահովեցին ջախջախիչ յաղթանակ թրքական բանակներուն դէմ:

Բայց գալով սահմանադրութիւնը կասեցուելու խնդրին` զիս խորապէս զարմացնող երեւոյթը ո՛չ թէ այնքան Գարեգին Ա.ի հակասահմանադրական, միապետական-կղերապետական ընթացքն է, որքան` ազգային մարմիններու չընդվզիլն, չփոթորկիլը եւ ուժեղ բողոքի ձայն չբարձրացնելը ընդդէմ 85 տարիներ գործադրուած սահմանադրութեան այդ տիրապետող կամայականութեամբ տուեալ դադրեցումին դէմ, եւ բաւականանալ, պահանջելու փոխարէն, ողորմութեամբ հայցել իրենց օրինական, սահմանադրական իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն գործադրութիւնը:

Փակելէ առաջ այս ցաւագին փակագիծը, կը փորձեմ օրուան ազգային մարմիններուն այդ ենթակայական դիրքը լուսաբանել` զայն վերագրելով երկու դրդապատճառներու:

Առաջինը այն խոր ակնածանքն է, որ հայ ժողովուրդը ունի կաթողիկոսներուն հանդէպ: Եւ իրօք, «կաթողիկոսական հանգամանքը, աւանդութեան իսկ բերումով, արտակարգ հմայք եւ հեղինակութիւն կու տայ կաթողիկոսներուն, որոնք կ՛իշխեն մինչեւ իրենց մահը» (Յ. Պալեան, Ծանօթ.ի մէջ յիշուած իր գիրքէն, էջ 97):

Նմանապէս, որովհետեւ «օտարներուն համար անտեսանելի, բայց ամէն հայու հոգիին մէջ ճառագայթող լուսապսակ մը կայ կաթողիկոսին գլխուն վրայ», ինչպէս նոյն իմաստով, պատկերաւոր ձեւով ըսած է Մ. Էպլիղաթեան (Ծանօթ.ի մէջ յիշուած իր գրութեան մէջ) (4):

Երկրորդը` 40-ական թուականներուն Ազգային իշխանութիւններուն «երկչոտութիւնը» եւ մանաւանդ քաղաքական կուսակցութիւններէն Դաշնակցութեան կրաւորական դիրք բռնելը, անտեսելով այն իրողութիւնը, որ` «Սահմանադրական պետութիւնները, ժողովուրդները կը կառավարուին քաղաքական կուսակցութիւններու միջոցով:

«Ջնջեցէ՛ք քաղաքական-յեղափոխական կուսակցութիւնները, ջնջուած է սահմանադրութիւնը կամ սահմանադրական կեանքն ու ժողովրդական կամքը, վերադարձած է բռնապետութիւնը` ի՛նչ անունի եւ ձեւի տակ ալ ըլլայ:

«Առանց քաղաքական-յեղափոխական կուսակցութիւններու կազմակերպուած ուժին, ժողովուրդներու, պետութիւններու ցանկութիւնները, պահանջները, արդարադատութիւնը ողորմութիւններ, մուրացողներու մուրացկանութիւններ են…» (Յ. Շահրիկեան (Ատոմ). «Մեր հաւատքը». էջ 26 – Համազգայինի տպարան, Պէյրութ, 1981 – Ս. Վրացեանի յառաջաբանով):

Այո՛, 1956-էն ետք, նկատելի է, որ Դաշնակցութիւնը իբրեւ գործօն քաղաքական կուսակցութիւն, ստանձնեց իր դերը եւ գործադրելով վերը յիշուած սկզբունքը, Կիլիկեան Աթոռին եւ իր թեմերուն մէջ ազգային մարմիններով վառ պահեց սահմանադրական, ժողովրդավարական կեանքը:

Եւ իրօք, ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ  Գարեգին Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն եւ շուրջ 4 տարի Կիլիկեան Ս. Աթոռին թափուր մնալէն ետք, 1956-ին Վազգէն Ա. կաթողիկոսը Էջմիածինէն եկաւ Լիբանան, Անթիլիաս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թափուր մնացած Աթոռին համայնավար Հայաստանի եւ Էջմիածնի ենթարկուող հոգեւորական մը բազմեցնելու նպատակով, որ վստահաբար պիտի շարունակէր Գարեգին Ա. Յովսէփեանցին ուղեգիծը, որուն պիտի հետեւէր բնականաբար Էջմիածնի կղերապետական դրոյթի հաստատումը: Սակայն չյաջողեցաւ: Ու բոլորիս ծանօթ Էջմիածին-Անթիլիաս տագնապը սկսաւ` պատճառ դառնալով կիլիկեան միաբանութեան եւ ժողովուրդի երկփեղկման:

Տեղին է յիշել, որ 1970-ական թուականներուն, մղձաւանջային այդ տագնապի ամենաթէժ օրերուն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի հանգամանքովս (1972-1974 միակամ եւ արժանաւոր ժողովակիցներով (Մ. Էպլիղաթեան, Հ. Թուրիկեան, Գ. Պզտիկեան, Գ. Բանեան, տոքթ. Վ. Բիւզանդեան, ազգային բարերար Գ. Չաթալպաշեան), եւ այս հարցին մէջ Խորէն Ա. կաթողիկոսին ալ խոհեմ եւ իմաստուն ընթացքով ճգնեցանք հանդարտեցնել ստեղծուած Էջմիածին-Անթիլիաս շինծու կացութիւնը ողջամտութեամբ` ընթացք չտալով Էջմիածնէն ղրկուած գրգռիչ նամակներուն:

Եւ շուրջ 40 տարիներ ետք Վազգէն Ա. խոստովանեցաւ, որ համայնավարութեան չարիքն էր այդ տագնապին պատճառը. 12 դեկտ. 1992-ին Էջմիածնի մէջ կատարած իր հետեւեալ յայտարարութեամբ.

«Մեր օրերին Հայաստանի Հանրապետութեան պայմաններուն, այլեւս որեւէ այժմէութիւն չունեն հայ սփիւռքում, խորհրդային կարգերի շրջանում ստեղծուած կացութիւններն ու գործելակերպը… Մայր Աթոռի եւ Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի յարաբերութիւններում…, (որոնք) առաջ էին եկել միմիայն խորհրդային կարգերի առկայութեամբ…», (տես, Մեսրոպ արք. Աշճեանի գրութիւնը. «Հորիզոն»-ի յատուկ յաւելուած 7 նոյեմբեր 1994, էջ 27):

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի եւ Վազգէն Ա.ի փորձերէն ետք, երրորդ մըն ալ տեղի ունեցաւ…

Արդարեւ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Աթոռին գահակալ Գարեգին Բ. Սարգիսեանը եւս, Գարեգին Ա. անուան տակ Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոս դառնալէ ետք, փորձեց իր թափուր լքած Կիլիկիոյ Աթոռին ընտրել տալ իրեն համախոհ եւ գործակից Մեսրոպ արք. Աշճեանը: Սակայն ան ալ ձախողեցաւ, որովհետեւ ազգային մարմինները զարթնած էին եւ սահմանադրական կարգը պահեցին: (Ի դէպ, այս վերջին կաթողիկոսական ընտրական պայքարին ակնարկելով էր, որ Մարզպետ Մարկոսեան կը գրէր.

«1956-ի տառացի կրկնութիւնն է, որ կը տեսնենք» («Քանդուող Ամբերդը մարդոց հոգիներուն».  «Հայրենիք», 13 մարտ, 1997):

Այս դէպքերու վերյիշումին մէջ մեզ հետաքրքրողը ա՛յն իրողութիւնն է, որ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց, Վազգէն Ա. Պալճեան կաթողիկոսներուն վերեւ յիշուած փորձերէն ետք, ազգային մարմինները,  մտաւորականութիւնը եւ կուսակցութիւնը «արթնցան», սթափեցան: Եւ սահմանադրական ժողովրդավարական կարգերու պահպանման եւ գործադրման համակերպ առնուած «գործնական» քայլերու կողքին, գիրքերու եւ մամուլի մէջ յօդուածներու տարափ մը տեղաց (եւ իրապէս, խորապէս ուշագրաւ են, Ծանօթ 1-ին մէջ յիշուած կարգ մը գիրքերու հրատարակութեան թուականները, որոնցմէ առաջ, պաշտելի վեհ. Զարեհ Ա.ի ընտրութենէն, 1956-էն անմիջապէս ետք, յօդուածաշարքով մը «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսաւ Մ. Հերարդեանի գիրքը, որ հետագային, Զարեհ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 1959-ին, գիրքի ձեւով հրատարակուեցաւ կաթողիկոսարանին տպարանին մէջ իսկ:

***

Վերջացնելէ առաջ անհրաժեշտ կը նկատենք քննել նաեւ, սահմանադրութեան կողքին, ներկայիս, այլազան կանոնագրութիւններ գոյութիւն ունենալու հարցը:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր թեմ, տեղական պայմաններու եւ օրէնքներու յարմարելու պատճառաբանութեամբ, իւրայատուկ կանոնագրութիւն կ՛որդեգրէ եւ ա՛յդ` յաճախակի փոփոխութիւններով:

Ի տես այս երեւոյթին, Խ. Թէօլէօլեան, ընդվզած, իր հատու ոճով կը գոչէ.

«Եթէ հասնո՜ղը «տեղական պայմանները պատրուակ պիտի հռչակէ հիմնական սկզբունքներ խախտելու, լաւ է իւրացնել Մայր Աթոռի «նախագիծը» ու դառնալ կրօնական համայնք…

«Այդ պարագային, ի՞նչ հարկ ազգային եկեղեցի, ժողովրդապետութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հոլովելու…

(Մ. Թէօլէօլեան, «Հայկական արտասահմանը եւ Ազգ. սահմանադրութիւնը» տպարան Համազգային, Լիբանան, 2 մարտ 1968, էջ 53):

Իրապէս, այս կացութիւնը ո՛չ միայն ազգային միասնականութեան հարուած կը հասցնէ, այլեւ նոյնիսկ Կիլիկեան Ս. Աթոռին կը վնասէ, երբ իրեն ենթակայ հայ ժողովուրդը միեւնոյն օրէնքով, միեւնոյն կառոյցներով չի կառավարուիր:

Աւելի չերկարելու համար մէջբերենք մոլեռանդ ազգասէր եւ սահմանադրութեան պաշտպան Յակոբ Տէր Մելքոնեանի խօսքերը այս մասին.

«Մասնաւոր եւ տարբեր օրէնքները ազգը կրնան առաջնորդել մինչեւ անջատում` փոխելով գործելու եղանակը եւ խորհելակերպը. ազդել սովորութիւններու եւ բնաւորութիւններու վրայ, թուլցնելով հոգեկան կապը իրարու հետ եւ հետզհետէ խաթարել նկարագիրները:

«Մանաւանդ ներկայիս, երբ ազգը ցրուած եւ տարտղնուած է ի սփիւռս աշխարհի… որ լեցուն է փորձանքներով եւ վտանգներով: Անհրաժեշտ է, որ ան ղեկավարուի ՄԷԿ ուղղութեամբ եւ ՄԷԿ օրէնքով… (որ)… կ՛ուզէ համախմբել բոլոր ազգայինները իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ…» («Ազգ. սահմանադրութիւն հայոց». Անթիլիաս,  Լիբանան, 1968, էջ 48-49):

Եզրակացութիւն. Ազգ. սահմանադրութեան 150-րդ տարեդարձին առթիւ, մտաբերենք, որ անոր հիմնական յատկանիշը, ժողովրդապետական, ժողովրդավարական ըլլալու սկզբունքն է, որ հիմնահարցն է այն տարբերութեան, որ գոյութիւն ունի իր եւ Էջմիածնի սահմանադրութեան միահեծան կղերապետական կարգերուն միջեւ, այլապէս ոչ մէկ կրօնական, դաւանաբանական վէճ գոյութիւն ունի Էջմիածնի եւ Կիլիկեան Աթոռին միջեւ (ինչպէս ձեռնհասօրէն ուսումնասիրած են տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Մ. Հերարդեան, Յակոբ Պալեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան եւ ուրիշներ):

Անտեղի չէ հարց տալը, թէ ի վերջոյ, ի՞նչ կը նշանակէ ժողովրդավարութիւն (la democratie), որ «ծնունդ առաւ հին Յունաստանի մէջ եւ մասնաւորապէս փառաւորուեցաւ Աթէնքի մէջ».

Իվ Քոնթան կ՛ըսէ, թէ անոր պարզագոյն սահմանումը հետեւեալն է. La démocratie (C՛est)… Le gouvernement du peuple par le peuple (ժողովրդավարութիւնը, ժողովուրդը ժողովուրդով կառավարելն է), ու կ՛աւելցնէ, որ ազատ ժողովուրդը պէտք չէ արտաքին իշխանութեան մը հարկադրանքին տակ գտնուի եւ այլն. (Ethique et politique – liberté et pouvoir-Gaétan Morin, Montréal 1989, էջ 280):

Շեշտենք նաեւ, որ նպատակը Ազգ. սահմանադրութիւնը գործադրելը չէ, այլ անոր միջոցով ժողովրդավարութիւնը կիրարկելն է: Ժողովուրդը կ՛ընտրէ իր աշխարհական ներկայացուցիչները, որոնք սահմանադրութեան օրինաւորած ժողովավարական դրոյթով կը կառավարեն ազգային կեանքը: Ժողովրդապետութիւն կը նշանակէ, որ մէկ անձի պէտք չէ յանձնել իշխանութիւնը:

Ըսենք նաեւ հետեւեալը սփիւռքի մասին. այնքան ատեն որ Հայաստանի մանուկ եւ խախուտ պետութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ներքին վէճերով կլանուած եւ պիզնըսով գրաւուած իշխանաւորները, որ մեծ աբօ` Ռուսիոյ ապահով գիրկը բազմած` (որքան ալ անհաճոյ եւ շահախնդիր ըլլայ ան) Եւրոպայի հետ ալ սիրաբանիլ կ՛ուզեն եւ զանգուածային ներգաղթով չեն հետաքրքրուիր (ո՛չ ալ արտագաղթով…),

ինչպէս նաեւ խառնիճաղանճ եւ անգլուխ սփիւռքն ալ այդ հարցով չի զբաղիր, այդքան ժամանակ, անհրաժեշտ է, որ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը անսասան պահուի եւ հովուէ իրեն ենթակայ թեմերուն հայ ժողովուրդը:

Այս բոլորը` առանց մտահան ընելու, որ ներազգային հեզասահ կեանք ունենալու համար անհրաժեշտ է եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու համերաշխ գործակցութիւն, սահմանադրութեան հաստատած ժողովրդապետական կարգ ու կանոնով, իւրաքանչիւր դասակարգին` աշխարհականի եւ կրօնականի վերապահուած դերի կատարումով, որով կարող կ՛ըլլանք առկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կազմակերպուած սփիւռքով (միաժամանակ` զօրավիգ կանգնելով էջմիածնին եւ Հայաստանին):

Որովհետեւ. «… Մեր ազգը Հայկայ ժամանակէն սահմանադրական եղած է եւ սահմանադրութեան տարերքն ունի»: (Մարկոս Աղաբեկեան):

[«… Սահմանադրութիւնը ճանչցուած է իբրեւ հայ համայնքի հիմնական օրէնք»:

(Ն. Աղբալեան):

[«Այսօր սահմանադրութիւնը կը ներկայացնէ հայոց ազգային եկեղեցական-կրթական ինքնավարութեան օրինագիրքը, եւ ազգային առանձնաշնորհմանց նուիրագործող օրէնքը»:

(Արշակ Ալպոյաճեան)
Ընդ. օր. 1910, էջ 528

Հետեւաբար վերջացնենք` կրկնելով պատրիարք Մ. Խրիմեանի խօսքերը Ազգային սահմանադրութիւն հայոցի մասին.

Նորա թերթերը վարդի թերթէն աւելի փափուկ են, խստութեամբ մի շօշափէք, պատառ պատառ կը լինի…
(Ատնգր. Ազգ. Ընդ. ժողովի նիստ ԿԳ 1873 յուլիս 6):

 

Ծանօթագրութիւններ եւ աղբիւրներ:

1) Աղբիւրներ

Միհրան Հերարդեան, «Ազգային սահմանադրութիւն» (Մեծի Տանն կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, Լիբանան, 1959) – Յակոբ Տէր Մելքոնեան (նոյն տպարանը, 1968) – Մինաս Թէօլէօլեան, «Հայկական արտասահմանը եւ Ազգ. սահմանադրութիւնը», տպարան Համազգային, 1968) – Մելքոն Էպլիղաթեան («Ազդակ շաբաթօրեակ», Ե. տարի, թիւ 7, փետր. 3, 1974) – Յակոբ Պալեան «Հօտը, եկեղեցին եւ հոգեւորականութիւնը», Համազգայինի տպարան,  2002 եւ ուրիշներ:

2) Սիսի կաթողիկոսութիւնը շարունակուած էր մինչեւ 1921, երբ Կիլիկիան կը պարպուի: Օրուան կաթողիկոսը` Սահակ Բ. Խապայեան, իր տարահալած ժողովուրդին հետ կը փոխադրուի Սուրիա, ապա Լիբանան, ուր չունէր պաշտօնական նստատեղի մը: 1929-ին Երուսաղէմի  Եղիշէ Դուրեան պատրիարքը եւ Ընդհ. ժողովը, միաձայնութեամբ (եղբայրական սիրով եւ որովհետեւ Հայոց եկեղեցին եւ դաւանանքը մէկ են) Կիլիկիոյ Աթոռին կը փոխանցեն (կը նուիրեն պաշտօնապէս, Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ թեմերու կալուածները):

3) Հայկական գարունը ե՞րբ պիտի գայ:

4) Նոյն գրութեան մէջ, այլ տեղ (էջ 147), այս մասին, Մ. Էպլիղաթեան ըսած է նաեւ հետեւեալը.

«Մեր ժողովականներուն մեծամասնութիւնը ազգային նախանձախնդրութեամբ գործին փարած մարդիկ, ընդհանրապէս հաշտարար ոգի ցուցաբերած են եւ… ջանացած են կաթողիկոսին չհակադրուիլ, զուր վէճերու համար ժամանակ չվատնել…

«Յաճախ նոր ժամանակներու հասարակ յայտարարը յարգանքի եւ ակնածանքի պակասը ըլլալով` կրնայ պատահիլ, որ յաջորդ ժողովական սերունդները, տարակարծութեան մը պարագային, չվարանին կաթողիկոսին լուսապսակը մարելու եւ անոր հետ վարուելու այնպէս, ինչպէս պիտի վարուէին պատրիարքին հետ: Այսինքն` լրիւ հակակշիռ բանեցնելով անոր գործունէութեան վրայ եւ ի պահանջել հարկին ամբաստանելով, քննիչ յանձնախումբ կազմելով, դատապարտելով եւ նոյնիսկ այնպիսի կացութիւն մը ստեղծելով, որ ստիպուած հրաժարի…»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )