ԱՍԱՏ ԵՒ ՕՊԱՄԱ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆԸ

Սուրիացի ժողովուրդը կը բարձրացնէ սուրիական մեծագոյն դրօշը` առ ի զօրակցութիւն նախագահ Ասատին

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին իր արձանագրած հերթական յաղթանակին համար:

Էրտողան Ասատին կոչ ուղղած է հրաժարելու բռնութիւններէն եւ անյապաղ երկրին մէջ բարեփոխումներու սկսելու: Թուրքիոյ վարչապետը անհանգստութիւն յայտնած է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ հակաթրքական գործողութիւններ սկսած են` մատնանշելով Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան եւ Հալէպի մէջ հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցած հակաթրքական բողոքի գործողութիւնները: Նշենք, որ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները այրած էին Թուրքիոյ դրօշը եւ բացագանչած. «Ժողովուրդը Թուրքիայէն կը պահանջէ Ալեքսանտրէթը»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ասատ պատուիրակ մը` գնդ. Հասան Թուրքմանին Անգարա ուղարկած է` Էրտողանի հետ հանդիպում ունենալու համար: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իրենց կարգին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար Անգարա մեկնած են: Սուրիական կառավարութիւնը իր կարգին Թուրքիա ապաստանած գաղթականներուն կոչ ուղղեց վերադառնալու իրենց բնակավայրերը եւ սուրիական կարմիր մահիկին պատուիրեց անոնց վերադարձը համակարգել թրքական կարմիր մահիկին հետ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդագրութիւն մը ունեցած է Էրտողանի հետ եւ զայն շնորհաւորած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ իր արձանագրած յաղթանակին համար:

«Կը շնորհաւորեմ ձեզ պատմական ընտրութիւններուն ընթացքին տարած ձեր յաղթանակին համար», ըսած է Օպամա` յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող լաւ եւ ուժեղ յարաբերութիւնները հետագային առաւել եւս պիտի զարգանան եւ ուժեղանան:

Միւս կողմէ, բազմահազար սուրիացի ցուցարարներ առ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ վարչակարգին հաւաքուեցան Մազզէի մայրուղիին վրայ` բարձրացնելով սուրիական դրօշներ եւ Ասատի նկարները: Անոնք նաեւ բարձրացուցին 2300 մեթր երկայնքով եւ 18 մեթր լայնքով սուրիական մեծագոյն դրօշակը: Հաւաքին մասնակիցները կը բացագանչէին. «Ժողովուրդը Պաշշար Ասատը կ՛ուզէ»:

Share this Article
CATEGORIES