ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ՏՈՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ իր դեսպանները արաբական երկիրներուն մէջ ծագած եւ «Արաբական գարուն» անունով ճանչցուած ժողովրդային ըմբոստութեանց շուրջ խորհրդակցութեանց համար տուն կանչել:

«Անատոլու» կը յայտնէ, որ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ թուրք դեսպաններու ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ շրջանին մէջ կացութեան գնահատում մը պիտի կատարուի: Ըստ «Անատոլու»ի, ժողովին նպատակը պիտի ըլլայ այդ իրադարձութեանց հետեւանքները, «մասնաւորաբար Թուրքիոյ հարաւային դրացի Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները» նկատի ունեցող դիւանագիտական նոր ռազմավարութեան մը որդեգրումը:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ դեսպանները ժողովի հրաւիրելու գաղափարը ծնած է երկուշաբթի օր Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ Տաւութօղլուի ունեցած ժողովին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES