Ռուսիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Քրասնոտար Յաղթեց. Փիցելլի Նշանակեց 2 Կոլ

Մարքոս Փիցելլի (թիւ 10)

Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար, որ Տոլքոփրուտնի հիւրն էր, 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ ընդհանրապէս Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցելու յոյս չ՛ունենար, այս մրցումին դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ:

Ան արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, երբ նշանակեց երկու կոլ` յաջորդաբար 17-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն:

Share this Article
CATEGORIES