«Էն. Պի. Էյ.». Ռեփթըրզ Յաղթեց Սելթիքսի

Երէկ` «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երկրորդ օրը, կատարուեցան 14 ճակատումներ:

Թորոնթօ Ռեփթըրզ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ իր դաշտին վրայ 93-87 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսի:

Ի նպաստ յաղթական կազմին, Ռուտի Կէյ նշանակեց 19 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:

Ռեփթըրզի համար այս յաղթանակը նկատուեցաւ բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա վերջին երեք տարեշրջանի բացման մրցումներուն միշտ ալ կը պարտուէր:

Սելթիքսի մարզիկ Ճեֆ Կրին նշանակեց 25 կէտ:

Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակողը հանդիսացաւ Օքլահոմա Սիթիի մաս կազմող Քեւին Տիւրընթ, որ Եութա Ճեզի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (101-98) նշանակեց 42 կէտ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պրուքլին Նեթց 98-94
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ 114-110
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 93-87
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 113-102
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս 90-83
Հիուսթըն Ռոքեթց – Շարլոթ Հոռնեթց 96-83
Մինեսոթա Վուլվզ – Օրլանտօ Մեճիք120-115՚
Նիւ Օրլինզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 90-95
Տալաս Մավըրիքս – Աթլանթա Հոքս 118-109
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 101-94
Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի 98-101
Ֆէոնիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 104-91
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տենվըր Նակեթց 90-88
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 125-94

Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն յայտագիրը.

Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Եորք Նիքս
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES