Միքաթի – Ժոմպլաթ Գաղտնի Հանդիպում

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան գաղտնի հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումէն քաջատեղեակ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Միքաթի եւ Ժոմպլաթ քննարկած են լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ երեքշաբթի, 5 նոյեմբերին «Էլ. Պի. Սի.» կայանին հետ իր ունենալիք հարցազրոյցին ընթացքին պիտի անդրադառնայ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններուն, 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ կոչ պիտի ուղղէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )