Թրիփոլիի Մէջ Համեմատաբար Աւելի Հանդարտ Կացութիւն Կը Տիրէ
Թրիփոլիի Թալ շրջանին մէջ երէկ առաւօտեան լիբանանեան բանակի զինուորներէն մէկը վիրաւորուեցաւ` դիմակաւոր զինեալներու կողմէ անոր ուղղութեամբ արձակուած փամփուշտին պատճառով:
Սակայն բաղդատած նախորդ շաբաթներուն, երէկ Թրիփոլիի մէջ համեմատաբար աւելի խաղաղ էր կացութիւնը եւ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, որ մերթ ընդ մերթ խզուեցաւ արձակազինութեան պատճառով:
Թըպպանէի Սթարքօ թաղամասին մէջ արձանագրուեցաւ արձակազինութիւն, որուն հակադարձեց բանակը:
Ապահովական աղբիւրներ նշեցին, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտ դարձեալ հարցաքննութեան պիտի կանչուի` Թրիփոլիի մզկիթները թիրախ դարձուցած պայթումներուն հարցով, եւ հարցաքննութեան չներկայանալու պարագային անոր դէմ բերման գիր պիտի հրապարակուի:
Միւս կողմէ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ալի Ֆըտտա շեշտեց, որ Իտի հարցաքննութիւնը պահանջողները Պապ Թըպպանէի լկտիներն են եւ Մուսթաքպալ հոսանքը, որոնք մնայուն կերպով պահանջած են լուծել Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ հալածանքի ենթարկած Իտ ընտանիքը:
«Թող բոլորը իմանան, որ ալեւի համայնքին համար Ալի Իտ կը ներկայացնէ այն, ինչ որ է իմամ Մուսա Սատըր շիի համայնքին համար», շեշտեց Ֆըտտա` աւելցնելով, որ Ալի Իտը ղեկավար է եւ համայնքին խորհրդանիշը, հետեւաբար զայն հարցաքննութեան կանչելը ուղղակի վարկաբեկիչ է:
Նշենք, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կուսակցութիւնը ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ Իմատ Օսմանի հարցաքննութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որովհետեւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին անդամներն էին, որոնք Սալամ եւ Թաքուա մզկիթներու պայթումներուն կասկածելիները փախցուցած են:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Պասսամ Հալապի կոչեցեալը տեղեկահաւաքի բաժանմունքի անդամ է, եւ ձերբակալութիւններէն անմիջապէս առաջ այլ կասկածելիէ մը` Խտըր Շտուտէն խնդրած է հեռանալ շրջանէն, որովհետեւ անոր դէմ բերման գիր պիտի հրապարակուի:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է հարցաքննութեան կանչեն նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Աշրաֆ Ռիֆին, որ նաեւ կասկածելիներու փախուստի աշխատանքին օժանդակած է:
Իր կարգին, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութիւններու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու պայթումին հարցով ոչ ոք կը յիշէ Պասսամ Հալապիի անունը, եւ հարց տուաւ լիբանանեան պետութեան, ինչպէս նաեւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրի, թէ ո՞վ հարցաքննութեան պիտի կանչէ Հալապին, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի անդամ մըն է:
«Մենք այսօր կը պահանջենք մզկիթներու պայթումին հետաքննութեան թղթածրարը փոխանցել պետական այլ կառոյցի մը` բացի տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն», ըսաւ Իտ եւ կոչ ուղղեց կազմելու միացեալ յանձնախումբ մը` բանակի գաղտնի սպասարկութեան, Զինուորական ատեանին, տեղեկահաւաքի բաժանմունքին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ` հսկելու համար հետաքննութեան:
Իտ շեշտեց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի անդամներ մեղսակից են Թրիփոլիի պայթումը գործած յանցագործները փախցնելու արարքին:
Ան ըսաւ, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախագահ Պանտար պըն Սուլթանի կառոյցը կը նկատուի:
Ռիֆաաթ Իտ խստիւ դատապարտեց Պապ Թըպպանէի զինեալներուն կողմէ բանակը թիրախ դարձնելու յանդգնութիւնը` աւելցնելով, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը «Տահեշ»-էն մահուան սպառնալիքներ ստացած է: