«Թրիփոլիի Պայթումի Թղթածրարին Առումով Ոչ Մէկ Զիջում Պիտի Կատարուի, Իսկ Պետութեան Իշխանութեան Ոչ Ոք Կը Գերազանցէ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Միքաթի` Թրիփոլիի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Թրիփոլիի նախարարներու եւ երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարար Ահմետ Քարամէ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Մոհամետ Քապպարա, Ռոպեր Ֆատել եւ Սամեր Սաատէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական զարգացումները:

Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ապահովական բոլոր միջոցառումներուն պիտի դիմեն` երաշխաւորելու համար Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը եւ պաշտպանելու քաղաքին բնակիչները:

«Մեզի համար առաջնահերթութիւն է հանդարտութեամբ եւ իմաստուն կերպով լուծել Թրիփոլիի հարցերը, որովհետեւ մենք պատասխանատու ենք բոլորին անվտանգութեան: Բայց եւ այնպէս, լիբանանեան իշխանութիւնն ու անոր հեղինակութիւնը պէտք է պահպանել եւ ոչ մէկուն առիթ տալ, որ ան ինքզինք պետութենէն աւելի հզօր նկատէ: Ինչ որ ալ ըլլայ, պետութեան իշխանութեան ոչ ոք կրնայ գերազանցել եւ բոլորը հաւասար են օրէնքին դիմաց», հաստատեց Միքաթի:

Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ Թրիփոլիի պայթումի թղթածրարին առումով ոչ մէկ զիջում պիտի կատարուի եւ դատական իշխանութեան գործառնութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ձերբակալել այս երկչոտ արարքը գործած բոլոր յանցագործները:

Հանդիպումէն ետք Սամիր Ժսըր կոչ ուղղեց հետապնդելու Լիբանանի ապահովութիւնը խախտող բոլոր կողմերը` ընդգծելով, որ ոչ ոք կրնայ լիբանանեան բանակին պարտադրել անոր որդեգրելիք քայլերը:

«Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան վերահաստատումը լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն ձեռքին մէջ է եւ բանակը կարողութիւնը ունի զինեալ բախումներու շրջաններուն մէջ կացութիւնը հակակշռելու», ըսաւ ան:

Ժսըր հաստատեց, որ ոչ ոք կը հովանաւորէ զինեալները` աւելցնելով, որ պէտք է գիտնալ մարդոց դէմ յարձակում գործողին եւ իր ընտանիքն ու բնակարանը պաշտպանողին տարբերութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )