Նախագահ Սլէյման Թրիփոլիի Նախարարներուն Եւ Երեսփոխաններուն Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ Ապպաս Իպրահիմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Թրիփոլիի նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Մոհամետ Սաֆատի եւ Ահմետ Քարամէ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Պատըր Ուաննուս, Ռոպեր Ֆատել եւ Սամեր Սաատէ:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը:

Պատուիրակութիւնը պահանջեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը աւելի խիստ վերաբերին ապահովութիւնը խախտող կողմերուն եւ հանրային ու սեփական կառոյցներուն դէմ յարձակում գործողներուն հետ` անկախ անոնց պատկանելիութենէն:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Հասան Եաագուպը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց Լիբանան-Սուրիա սահմանային անցքերուն վրայ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները ազատ արձակելու կարելիութիւնները:

Պաապտա այցելեց նաեւ Սպանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շարպել Աուն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանան – Սպանիա երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES