Պէյրութի Մէջ. «Սուրիոյ Տագնապին Զինուորական Լուծումը Անկարելի Է, Իսկ Պահանջուածը Քաղաքական Լուծում Մըն Է» Ընդգծեց Իպրահիմի

Նախագահ Սլէյման կը դիմաւորէ Իպրահիմին

Սուրիոյ տագնապին նուիրուած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կայացնելու հաւանականութեան շրջագիծին մէջ,

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Դամասկոսէն ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Իպրահիմի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի:

Պէյրութ ժամանելէ ետք Իպրահիմի իսկոյն ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Սուրիոյ տագնապը եւ անոր լուծման հաւանականութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Իպրահիմի շեշտեց, որ տակաւին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէրներ չկան, որովհետեւ այդ խորհրդաժողովը գումարելու յստակ թուական մը չէ ճշդուած:

Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին զինուորական լուծումը անկարելի է, իսկ պահանջուածը քաղաքական լուծում մըն է:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լախտար Իպրահիմին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ Իպրահիմիի հետ իր հանդիպումը շինիչ եւ օգտակար եղած է` նկատել տալով, որ անհրաժեշտ է «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յաջողցնել եւ Սուրիոյ ապաքինումը ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանին ապաքինումը երաշխաւորել:

Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանը պէտք է հրաւիրել «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին:

Իպրահիմի իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանան կը կրէ Սուրիոյ ողբերգական վիճակին հետեւանքները, եւ ՄԱԿ-ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի` անոր դերակատարութեան համար:

Վարչապետարանին Մէջ

Լախտար Իպրահիմի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է իր ներքին կայունութեան պահպանումը` արտաքին որեւէ տեսակի ցնցումներէ: Միքաթի աւելցուց, որ այս պատճառով ալ Լիբանան Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրեց:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իպրահիմի նշեց, որ իր կատարած բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի կայացումին մասին ոչ մէկ մերժումի դէմ յանդիման գտնուած է:

«Հետեւաբար, սուրիացի ժողովուրդը եւ սուրիացի ժողովուրդի այսպէս ըսած ներկայացուցիչ նկատուող կողմը պէտք է անդրադառնայ կացութեան վտանգին եւ գործակցի` ի խնդիր Սուրիոյ տագնապին լուծման», ըսաւ ան:

Պատասխանելով լրագրողներուն կողմէ տրուած հարցումի մը` Իպրահիմի յայտնեց, որ ինք Սէուտական Արաբիա պիտի չայցելէ:

Իպրահիմի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Իպրահիմի ըսաւ. «Ո՛վ որ Սուրիոյ տագնապին զինուորական լուծման վրայ գրաւ կը դնէ, չարաչար կը սխալի, որովհետեւ այդ տագնապին միակ լուծումը քաղաքական լուծումն է»:

Իր կարգին, Մանսուր կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ երկրորդեց Իպրահիմիի կեցուածքը, թէ Սուրիոյ տագնապին պէտք է քաղաքական լուծում գտնել:

Լիբանան կատարած իր այցելութեան աւարտէն ետք Իպրահիմի պիտի ուղղուի Ժընեւ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` քննարկելու համար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին կայացման մասին իր հանդիպումներուն արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )