Հեֆըրն Կը Շնորհաւորէ` Հայաստանի Կողմէ «Բաց Երկինքի Քաղաքականութեան» Որդեգրման Առիթով

Հեֆըրն եւ վարչապետ Սարգսեան

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրնը: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շնորհաւորեց Հայաստանի վարչապետը` Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մրցունակ եւ շարունակական օդային փոխադրումներու ծառայութիւններու մատուցման ապահովման ծրագիրը հաստատելու եւ անով Հայաստանի օդային սահմանները ազատականացնելու գծով: Ան նշեց, որ «Բաց երկինքի քաղաքականութեան» անցումը լաւ կարելիութիւն է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ զբօսաշրջութեան խթանման համար, եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցիլ ծրագիրի իրականացման:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու զարգացման հեռանկարները: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը հարցերու, որոնց ծիրին մէջ Տիգրան Սարգսեան եւ Ճոն Հեֆըրն միտքեր փոխանակեցին նոր միացեալ ծրագիրներու իրականացման շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES