ՀՅԴ-ն Արարատի Մէջ Ոչ Ոքի Թեկնածութիւնը Պիտի Պաշտպանէ

Արմէն Ռուստամեան

10 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Արարատի ընտրութիւններուն, ուր թէժ պայքար կը սպասուի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան միջեւ, ՀՅԴ-ի որեւէ թեկնածու պիտի չպաշտպանէ: «Չէզոքութիւն կը պահենք, կը հետեւինք ընտրութիւններու արդար ընթացքին», «Առաջին լրատուական»-ին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի չէզոքութիւնը որեւէ կապ չունի այն փաստին հետ, որ Արարատի ներկայ մարզպետ Արամայիս Գրիգորեան նախկին դաշնակցական է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իբրեւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու մարզպետ նշանակուելու գծով Գրիգորեան համաձայնութիւն ունեցա՞ծ է Դաշնակցութեան հետ, Ռուստամեան ընդգծեց, որ ասիկա իրենց հետ կապ չունի եւ պահանջուած չէ համաձայնութիւն խնդրել: Ան նշեց, որ ատիկա Գրիգորեանի անձնական հարցն է:

 

Share this Article
CATEGORIES