Պերլինի Մէջ. Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Վեսթերվելէի Հետ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պերլին:
Այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ իր գերմանացի գործընկերոջ` Կուիտօ Վեսթերվելէի հետ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ երկու երկիրները գերազանց փոխադարձ յարաբերութիւններ ունին` ընդգծելով, որ միացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքի շնորհիւ այսօր տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ: Վեսթերվելէ յայտնեց, որ Գերմանիա իբրեւ իսկական բարեկամ կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի զարգացման:
Նալբանդեան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած է աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն, որ վերջին տարիներուն նոր թափ ստացած է, ամրապնդուած եւ խորացած է տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնը:
Նախարարները վստահութիւն յայտնեցին ,որ միացեալ հետեւողական ջանքերու շնորհիւ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի կը զարգանան եւ կ՛ընդլանին:
Ըստ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները, այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը:
Նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, «Արեւելեան գործընկերութիւն» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան, քննարկեցին Վիլնիուսի վեհաժողովին առնչուող հարցեր:
Նոյն օրը Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքելի արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Քրիսթոֆ Հոյսկենի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը եւ Վիլնիուսի վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ շրջանային հարցերու շուրջ:


