ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան շարք մը երեսփոխաններ, որոնց կարգին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ երկրին շահերուն համար աւանդութիւններուն շրջանցումը ազգային իրագործում կը նկատուի:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ ժամանակն է այլեւս դիմագրաւելու ներքին եւ արտաքին բոլոր մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ լուծելու Լիբանանի կենցաղային եւ ապրուստի բոլոր թղթածրարները:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Ֆատի Աաուար շեշտեց, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի նախարարացման հարցը պիտի լուծուի` աւելցնելով, որ ինք անձամբ վստահութեան քուէ պիտի շնորհէ նորակազմ կառավարութեան, որ իր կառավարութիւնն է:
Աաուար դիտել տուաւ, որ հաւանական է, որ Թալալ Արսլան կառավարութեան մէջ ներկայացուի իր աներձագին Մարուան Խայրէտտինի մասնակցութեամբ:
Իր կարգին, նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ շեշտեց, որ պէտք է առիթ տալ Լիբանանի կառավարութեան, որ գործէ եւ ժողովրդավարական կարգերով բարելաւէ երկրին կացութիւնը:
Ֆաթթուշ նշեց, որ ինք կառչած պիտի մնայ երկրին սահմանադրութեան` բոլոր լիբանանցիներուն ծառայելու ուղեգիծին հիման վրայ:


