ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրոյի, ներկայութեամբ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Մեկնումի պահուն Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ նախարար Թալալ Արսլանի հարցով պէտք է յանգիլ յարմար լուծումի մը:
Ժոմպլաթ ողջունեց Լիբանանի մէջ ազգային համաձայնական կառավարութեան մը կազմութիւնը:
Ժոմպլաթ նաեւ նշեց, որ բոլոր կողմերը զիջումներ կատարեցին` ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Միքաթիին` անոր համբերութեան ու ջանքերուն համար:
«Կ՛ուզեմ նաեւ կարեւորութեամբ շեշտել խորհրդարանի նախագահին գլխաւոր կեցուածքը եւ հանրապետութեան նախագահին հովանին: Կառավարութիւնը միագոյն չէ, այլ` համաձայնական», ըսաւ Ժոմպլաթ` շեշտելով, որ կառավարութիւնը ժողովրդավարական է եւ բազմատարր, ինչպէս նաեւ կը բովանդակէ տարբեր կեցուածքներ, հետեւաբար` պէտք է ընդունիլ իշխանութիւնը հերթաբար ստանձնելու գաղափարը: