ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵՒ ՄԱՆՃԵԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏԵՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութեան մէջ ինք կը ներկայացնէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կառավարութեան աշխատանքը պիտի շարունակէ լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու ուղեգիծով:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու համար Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման եւ այդ մարզին մէջ գործող գործատէրերու աշխատանքի դրութիւններուն բարելաւման:

Իր կարգին, պետական նախարար Փանոս Մանճեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուած կառավարութիւնը աշխատանքի կառավարութիւն է եւ ոչ թէ արաբական ու միջազգային ընտանիքներու դիմակայութեան կառավարութիւն:

«Մենք կ՛ապրինք ժողովրդավար երկրի մը մէջ ու կը յարգենք բոլորին կարծիքը եւ մենք ամբողջ Լիբանանի կառավարութիւնն ենք», ըսաւ ան:

Մանճեան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ընկերային եւ կենղացային բոլոր մտահոգութիւններն ու հարցերը առաջնահերթութիւն պիտի ըլլան կառավարութեան համար` նշելով, որ այդ հարցերը պիտի քննարկուին կառավարութեան կողմէ` յոյս յայտնելով, որ բոլոր հարցերուն լուծումը կարելի դառնայ:

Share this Article
CATEGORIES