ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ ՍՏԱՆԱԼԷ ԵՏՔ` – ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԸ – ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԻՒՐ ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ Է
Հինգ ամսուան անիշխանութենէ եւ անորոշութենէ ետք, երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները սկսած են վերաշխուժանալ` կառավարութեան կազմութեան աւետիսին լոյսին տակ:
Փրոթոգոլային եւ պետական գործունէութեան աշխուժութիւնը երէկ նշմարուեցաւ նախագահական պալատին մէջ, երբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ նոր նշանակուած նախարարները, բացի` պետական նախարար Թալալ Արսլանէն, որ ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պաապտայի մէջ կառավարութիւնը ստացաւ իր պաշտօնական լուսանկարը, որ յատկանշուեցաւ անով, որ ներկաները ըստ օրինի սպիտակ չէին հագած:
Պաշտօնական լուսանկարը ստանալու արարողութենէն ետք, խորհրդարանի նախագահը մեկնեցաւ Պաապտայի պալատէն, ուր կառավարութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախագահ Սլէյման նիստին ընթացքին շնորհաւորեց կառավարութիւնը` զայն նկատելով հարիւր առ հարիւր լիբանանեան: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ծնած է առանց արտաքին միջամտութիւններու, այլ` զուտ լիբանանեան օրակարգով:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Սուրիա երբեք չէ միջամտած կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կարելի եղաւ կազմել բոլորին զիջումներուն շնորհիւ:
Այս ծիրին մէջ, նախագահ Սլէյման դրուատեց խորհրդարանի նախագահին կեցուածքը, որ օժանդակեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներուն շրջանցման:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց նաեւ վարչապետ Միքաթիի համբերութիւնը եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելու անոր պատրաստակամութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ազգային սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ կառավարութիւնը պիտի դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը` շեշտելով, որ այս կառավարութեան կազմութեամբ Լիբանան յաղթական դուրս եկած է` նկատելով միաժամանակ, որ կարելի չէ անտեսել բոլոր այն զոհողութիւնները, որոնք կատարուեցան` կազմելու համար կառավարութիւնը:
Միքաթի ընդգծեց նաեւ կառավարութեան մաս կազմող բոլոր կողմերուն գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նիստին ընթացքին կազմուեցաւ նախարարական յանձնախումբ մը` մշակելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:
Յանձնախումբին մաս կազմեցին վարչապետ Միքաթի, ինչպէս նաեւ նախարարներ Ալի Քանսօ, Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Սաֆատի, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Շարպել Նահհաս, Նիքոլա Նահհաս, Շաքիպ Քըրթպաուի եւ Նազեմ Խուրի:
Յանձնախումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ այսօր, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ:
Նշենք, որ նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ մերժեց մաս կազմել յանձնախումբին` առողջական պատճառներով:
ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի կառավարական կազմը նկատեց յուսահատեցնող: