Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պատրաստ եղէք մասնակցելու հանդիպումի կամ ընդունելութեան մը, ուր ձեր ներկայութիւնը պարտաւորիչ է: Յարգեցէք յարգելիները, հոգեկան գոհունակութիւն կ՛ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցեալը մոռնալը ինքզինք կորսնցնել կը նշանակէ: Կապ պահեցէք ձեր հարազատներուն եւ ձեզմէ հեռու մնացած բարեկամներու հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր մանրամասնութիւններով հետաքրքրուելու ժամանակը չէ: Նախընտրելի է իրագործել կարեւորագոյն պարտականութիւնը, որպէսզի հանգիստ կատարէք մնացեալները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութիւնները անշուշտ հաճելի են, բայց ներկայիս ձեզի կը թելադրուի մնալ հանգիստ` որոշ ժամանակ մը եւս, որովհետեւ տակաւին պատրաստ չէք նիւթապէս եւ աշխատանքային պարտաւորութեան պատճառներով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գովելի է ձեր վարքը եւ գործակցութիւնը շրջապատին հետ: Եթէ ձեր շուրջը նկատէք անհանդուրժելի ներկայութիւն մը, անուշ լեզուով խրատեցէք, բայց ոչ` բարկութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ջանքերը պիտի արդիւնաւորուին եւ պիտի գնահատուին ձեր մեծաւորներուն կողմէ: Դուք պիտի զգաք հոգեկան գոհունակութիւն: Պիտի յառաջդիմէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Որքան ալ կարեւոր աշխատանք ունենաք, այսուհանդերձ մի մոռնաք, որ ունիք հարազատներ եւ բարեկամներ, որոնց հետ հարկ է, որ ջերմացնէք ձեր յարաբերութիւնը: Մի՛ մեկուսանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամը ամէն ինչ է կեանքը բնականոն ապրելու համար: Գիտցէք, որ ձեզմէ աւելի դժուարութիւն ունեցող անձեր կան, հետեւաբար գոհացէք ձեր ունեցածով: Օրը ունի հաճելի անակնկալներ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ձեր շուրջը տեսնէք գնահատանքի արժանի անձեր, գործակից կամ բարեկամ, արտայայտեցէք ձեր ազնիւ վերաբերումը եւ քաջալերանքը: Կը բարձրանաք այս վարմունքով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եղէք ձեր ուտելիքներուն: Ոչ պարարտ եւ ոչ ալ ծայրայեղ սննդականոն: Չափաւոր եղէք ուտելիքներու մարզին մէջ, կ՛օգտուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վերջերս ձեր տուած որոշումը պիտի յաջողի, հակառակ ձեր ունեցած կասկածին: Ինքնավստահ եղէք եւ շարունակեցէք ձեր ծրագիրը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ոտքերը ամուր դրէք գետին: Երազելը լաւ է, բայց իրականութիւնը մի անտեսէք: Մօտէն հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն: