50 Տարի Առաջ

Խմբագրական

Պատմութեան Ձայնին Ունկնդիր

Հայ իրականութեան մէջ քիչ չէ թիւը անհատներու, որոնք մեր անօրինակ կեանքին իրատեսութեամբ մօտեցած ըլլալու յաւակնութիւնը կ՛ունենան յաճախ` հարց տալու համար, թէ ի՞նչ ենք մենք բազմամիլիոն ժողովուրդներու հզօր ուժին առջեւ: Աշխարհի չորս ծագերուն նետուած արմատախիլ ժողովուրդի մը ցիր ու ցան բեկորները ի՞նչ կրնան ընել այնպիսի ատեն մը, երբ տասնեակ տարիներու առաջուան «մեծութիւններն» իսկ հովանաւորեալի վիճակին ենթարկուած են, աշխարհի ճակատագիրը յանձնուած է քանի մը հզօրներու, գերպետութիւններու կամքին ու նաեւ` քմահաճոյքին:

Սակայն, կեանքին իմաստասիրութեան խորը թափանցելով, կը տեսնենք, թէ այնքան ալ ճիշդ չեն մտածեր այն բոլոր թերահաւատները, որոնք հետզհետէ յուսահատութեան մէջ իյնալու վտանգին տակ կը գտնուին:

Ժողովուրդներու պատմութիւնը կ՛ուսուցանէ այնպիսի դասեր, որոնք թելադրական են յուսահատական օրերուն: Կարելի չէ պատմութեան միայն մէկ երեսը կարդալ եւ դատումներ ընել: Արժէքները սխալ է չափել արտաքին երեւոյթներով: Եթէ ամէն անհատ եւ ամէն ազգ այս ձեւով շարժի, թերահաւատութիւնը իսկոյն կը վերածուի ընդհանուր յուսահատութեան եւ անշարժութեան կը դատապարտէ մարդկային ճիգերու յարաշարժ ներգործութիւնը:

Թերահաւատները չէին, որ դարերով նուաճուած ժողովուրդներուն առջեւ բացին ազատութեան արշալոյսը: Ոչ ալ Թովմասները կրցան ըլլալ առաջինը առաքեալներուն, որոնք նուաճեցին դարերու հոգեկան կայսրութիւնը: Անհաւատներ միշտ ալ եղած են ու պիտի ըլլան: Բայց անոնց կողքին, ու մանաւանդ անոնցմէ առաջ, նուաճուած ժողովուրդները ականջ պիտի տան իսկական առաքեալներուն, որոնք բռնակալներուն զրահին ու բերդերուն դիմաց իրենց հաւատքն է, որ կը ցցեն իբրեւ ամէնէն ահարկուն զէնքերուն: Բերդերը կ՛իյնան, զրահները կը մաշին, բայց հաւատքը կը մնայ անխախտ` հոգիներու ադամանդեայ պատուանդանին վրայ:

Հաւատքը այն լուսեղէն սիւնն է, որուն կը կառչին ժողովուրդները յուսահատական պահերուն: Եւ այդ հաւատքը կը փրկէ զիրենք, որքան ալ բռնակալութեանց խաւարը իջնէ իրենց կեանքին վրայ:

Հայ ժողովուրդը իր հաւատքին ուժով գերմարդկային գործեր կատարեց իր պատմութեան ընթացքին: Մութի եւ լոյսի տարերային պայքար մըն է պատմութիւնը: Ամէն անգամ ալ յոյսի կապոյտ թռչունը իր բոյնը չէ քանդած հայկական երդիքներու վրայէն ու օր մը դարձեալ թեւածած է դէպի արեւափայլ արշալոյսը:

Ա. Աշխարհամարտին թուրքին եաթաղանը իջաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն վրայ, եւ ապրեցանք աղէտներուն ամէնէն սարսափազդուն, որ ազգերու պատմութիւնը երբեւիցէ արձանագրած ըլլայ իր տարեգրութեանց մէջ:

Բայց մահուան փոսին մէջն իսկ հայուն հաւատքը մնաց անմար` կերտելու համար ուրիշ հրաշք մը, որ բուռ մը հայ կտրիճներունը եղաւ Ղարաքիլիսայի ու Սարդարապատի ռազմադաշտերուն վրայ:

Այս օրերուն, երբ աշխարհ մեծ խլրտումներու նախօրեակին կը գտնուի, իւրաքանչիւր հայու վրայ պարտականութիւն կ՛իյնայ ականջ տալ իր պատմութեան ձայնին, որ կը թելադրէ անխորտակ հաւատքով դիմագրաւել ապագան, վստահ` որ արդարութիւնը գերեզման չունի, եւ յաղթանակը կը պատկանի պայքարողներուն:

Գալիք բախտորոշ օրերուն թիւով փոքր, բայց հոգիով մեծ մեր ժողովուրդը պատրաստ պէտք է ըլլայ իր դերին ու կոչումին:

Ու մեր ապագան կախում պիտի ունենայ մեր հաւատքէն եւ հոգեկան արժէքներու հարստութենէն:

 

Մարզական

ՀՄԸՄ–ի Ֆութպոլի Խումբը
Նոր
Եղանակի Սեմին

Բոլոր այն մարզասէրները, որոնք կիրակի օր ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ – Մազրաա ֆութպոլի մրցումին, հաճելի անակնկալը ունեցան հայկական խումբի շարքերուն մէջ տեսնելու նորեր, որոնք իրենց առաջին իսկ մկրտութեամբ փայլուն ապագայի մը խոստումը կու տան:

Խումբին պատասխանատու մարզիչը` Ժոզեֆ Նալպանտեան, իւրայատուկ մօտեցումով մը կրցած է իր տրամադրութեան տակ գտնուող նոր տարրերուն մէջէն զատել անոնք, որոնք յառաջիկայ տարիներու ընթացքին պիտի կրնան արժանաւորապէս ներկայացնել ՀՄԸՄ-ի գոյները, խումբին սիւները հանդիսացող Լեւոններու եւ Աբոներու կողքին:

Շեշտը դրուած է գլխաւորաբար խումբը երիտասարդացնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Որովհետեւ ֆութպոլը, ինչպէս գրեթէ բոլոր մարզախաղերը, անողոք է երեսունէն անդին: Հարկ է միշտ նոր արիւն ներարկել` կարենալ կենսունակ եւ աշխուժ պահելու համար կազմը, որ կոչուած է արժանի ժառանգորդը ըլլալու ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին փառապանծ անցեալին:

Յոյս ունինք, թէ նորերը շուտով պիտի մտնեն իրենց բնական հունին մէջ եւ պիտի ներդաշնակուին խմբային այն խաղարկութեան, որ կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր ուժը` ընդդէմ մրցակից խումբերու, ուր վըտեթներ չեն պակսիր:

Վաղը` կիրակի, 3 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ՀՄԸՄ կը մրցի Ռասինկի դէմ Մարզական աւանի դաշտին վրայ: Հետաքրքրական խաղ մը կ՛ակնկալուի երկու խումբերէն, մանաւանդ որ Ռասինկ եւս այս տարի ապահոված է նոր ուժեր, որոնք կրնան անակնկալներ պատճառել:

Գլխաւոր մրցումէն առաջ, ժամը 1:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Բ. խումբը, որ անցեալ շաբաթ սքանչելի խաղարկութիւն մը ցոյց տուաւ Սաֆա Բ.ի դէմ եւ յաղթեց 6 – 0 արդիւնքով, պիտի մրցի Ժէյթաուիի դէմ:

Նախապատրաստական այս մրցումները սքանչելի փորձեր պիտի ըլլան գալիք մեծ բախումներուն համար, որոնցմով այս տարի հարուստ պիտի ըլլայ լիբանանեան ֆութպոլը` Լիբանանի ախոյեանութեան, Լիբանանի բաժակի եւ Ժորժ Տեպպասի բաժակի մրցումներով:

ՀՄԸՄ, որ 1963-ին տիրացաւ Լիբանանի ախոյեանութեան, ամէն ջանք պիտի թափէ պահելու համար այդ տիտղոսը, որուն ասկէ առաջ եօթը անգամ արժանացած է` շնորհիւ մարզադաշտերու վրայ ցոյց տուած իր առաջնակարգ խաղարկութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES