Արհեստագիտութիւն Եւ Հաղորդակցութիւն. Ոգեղէն Փորձառութիւն Մը

Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ 15-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳՐԱՏԱՆ ՄԸ: «ՏԸ ՔԸԼՈՍԸԼ» ԵՒ «ՏԸ ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ՀՐԱՇԱԼԻՔԸ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կարգ մը գրասէրներու համար գիրք մը կարդալը համազօր է կրօնական փորձառութեան մը: Սակայն Հոլանտայի մէջ բացուած նոր գրատուն մը այս գաղափարը կը բարձրացնէ բոլորովին այլ մակարդակի:

Պի. Քէյ Արքիթեքթըն ընկերութենէն Ճարտարապետներ Հոլանտայի Ժուոլէ շրջանին մէջ 15-րդ դարու տոմինիքեան եկեղեցի մը վերածած են արդիական գրատան մը` 700 քառ. մեթր տարածութեամբ վաճառատուն մը կցելով անոր:

Սակայն այս իւրայատուկ ծրագիրին գործադրութեան համար անոնք պէտք էր յարգէին շինարարութեան խիստ օրէնքներ. 547 տարուան Պրուրընքըրք եկեղեցիին պատմական բոլոր տարրերը, ներառեալ` գունաւոր ապակիները, երգեհոնը, առաստաղի գեղանկարները եւ լայնատարած կամարները պէտք էր պահպանուէին եւ մնային անաղարտ:

Թէեւ աներեւակայելի կը թուի, սակայն ճարտարապետները յաջողած են ընդարձակել եկեղեցիին երկու կողմերը եւ շարժական կառոյցներով ստեղծել եռայարկ վաճառատուն մը, զոր կարելի է օր մը անջատել եկեղեցիէն` զայն վերադարձնելու համար իր նախկին վիճակին:

Աւելի՛ն. միայն երեք գոյնի շինանիւթեր գործածուած են ստեղծելու համար եկեղեցիին ներքնամասին յար եւ նման շարունակութիւնը`  պատշաճ կերպով յարգելով եկեղեցիին տարածքը:

«Ի յարգանս եկեղեցիին` աշխատեցանք նոր յաւելումները կառուցել անոր հանդիսաւոր մթնոլորտին համապատասխան ժուժկալ ձեւագծումով», կ՛ըսեն ճարտարապետները:

Լոյսով ողողուած հռչակաւոր եկեղեցիին երբեմնի դատարկ ներքնամասը այժմ լեցուած է գիրքերու դարաններով: Իսկ նորակառոյց բաժանմունքին մէջ բացուած ճաշարանը իր բնական լոյսը կը ստանայ եկեղեցիին պատուհաններուն գունաւոր ապակիներէն:

Գրատունը` «Ուոնտըրզ ին տը Պրուրըն», որուն բացումը կատարուեցաւ այս ամառ, արդէն ընդունած է տասնեակ հազարաւոր այցելուներ:

Պրուրընքըրք մաս կը կազմէր տոմինիքեան վանքի մը, որ հիմնուած էր 1465-ին: Վանքը փակուած էր 1580-ին, եւ կրօնաւորները ցրուած էին: 1640-1982 եկեղեցին գործածուած է տեղւոյն բողոքական համայնքին կողմէ: Վերանորոգութիւններէ ետք, 1983-1988-ի միջեւ ծառայած է իբրեւ մշակութային ձեռնարկներու վայր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES