Արհեստագիտութիւն Եւ Հաղորդակցութիւն. Կիկերոնի Համացանցը

Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿԸ ԿԱՐԾԵՆՔ, ԹԷ ԴԻՄԱՏԵՏՐԸ ԵՒ ԹՈՒԻԹԸՐԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈ՞Ւ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ ԵՆ: ՔԻՉ ՄԸ ԿԸ ՍԽԱԼԻՆՔ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԵՆ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԳԻՐՔԷ ՄԸ, ՈՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՊԱՊԻՐՈՍԻ ԳԼԱՆՆԵՐՈՎ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԱԼ ՆԱԽԸՆՏՐԱԾ Է ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՈԽԱՆԱԿԵԼ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑՈՎ: ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԻԹ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄԵԶԻ ՁԵՐԲԱԶԱՏԵԼՈՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԿՇԻՌԷՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՄԵՐ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:

Արդէն ծանօթ ենք այն իրողութեան, թէ ընկերային կապեր հաստատող արդի ցանցերը սերած են նախատիպերու երկար շառաւիղէ մը: Միջնադարեան ծաղկաքաղերը կէս հազարամեակով կանխած են այսօրուան Թամպլըրը, որ առիթ կու տայ համացանցի վրայ ամփոփ պլոկերու մէջ զետեղելու հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներու ընձեռած բովանդակութիւնը: 17-րդ եւ 18-րդ դարերու Դիմատետրը` Վոլթերի «Նամակներու հանրապետութիւնը» տարբեր երկիրներէ մտաւորականներու առիթ կու տար, որ նամակներ կամ գրութիւններ փոխանակէին եւ հրապարակէին: Արդի ժամանակներու բազմաթիւ յայտնագործութիւններու (ներառեալ` շարժապատկեր) հեղինակ Թոմըս Էտիսընի նկարահանած կատուներու տեսերիզները կը տարածուէին «համաճարակի պէս», ինչպէս այսօր համացանցի վրայ կը տարածուին կարգ մը տեսերիզներ: 20-րդ դարու սկիզբը ֆրանսացի անիշխանական գրագէտ եւ քննադատ Ֆելիքս Ֆենէոնի միայն երեք տողէ բաղկացած վէպերը համազօր էին այսօրուան Թուիթըրին: Սակայն յայտնապէս ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը ստեղծուած են շատ աւելի կանուխ` հնադարեան Հռոմի մէջ: «Ռայթինկ ան տը ուոլ. սոշըլ միտիա, տը ֆըրսթ 2000 եիրզ» (պատին վրայ գրելով. ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու առաջին 2000 տարիները) վերնագիրով գիրքի մը մէջ Թոմ Սթենտէյճ մեր ականջին կը փսփսայ պատմութիւնը` խորտակելով ներկայապաշտ մեր նախապաշարումները եւ ի յայտ բերելով փայլուն անցեալը` այսօրուան «ընկերային հաղորդակցութեան» միջոցներուն: Իսկ այս բոլորը յայտնաբար կը պարտինք հռոմէացի հռչակաւոր պետական դէմք` Կիկերոնի:

«Ուրիշներ եւս պիտի գրեն ինծի, շատեր լուրեր պիտի բերեն ինծի, շատ բան պիտի հասնի ինծի, նոյնիսկ` տարաձայնութեան միջոցով». Կիկերոն:

Հռոմէական հանրապետութիւնը Ն. Ք. 51-ին հրապարակած էր փտածութեան դէմ նոր օրէնք մը, որ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներէն կը պահանջէր պաշտօններ ստանձնել գաւառներուն մէջ: Հակառակ իր չկամութեան` Կիկերոն ի՛նք նշանակուած էր Կիլիկիոյ կառավարիչ, հեռու` Հռոմի քաղաքական գործունէութեան քուրայէն, ինչ որ իրեն համար կը ստեղծէր անյարմար վիճակ: Այն մտավախութեամբ, թէ անտեղեակ պիտի մնար Հռոմի մէջ ղեկավար մակարդակի վրայ կատարուող աշխուժ գործունէութեան մանրամասնութիւններէն, Կիկերոն դիմած էր տեղեկութիւններու փոխանակումի բարձր մակարդակի ցանցի մը, զոր ստեղծած էր Հռոմի վերնախաւը:

Սթենտէյճ կը գրէ.

«Այդ ժամանակներուն տպագրութեան գործիք գոյութիւն չունէր, ոչ ալ` թուղթ: Փոխարէնը` տեղեկութիւնները կը տարածուէին նամակներու եւ այլ գրութիւններու փոխանակութեամբ: Անոնք կ՛ընդօրինակուէին պապիրոսի գլաններու վրայ, կը մեկնաբանուէին եւ կը բաժնուէին: Կիկերոնի սեփական նամակները, որոնք կը կազմեն այդ ժամանակներէն ամէնէն լաւ վիճակի մէջ մեզի հասած նամակներու հաւաքածոն, ցոյց կու տան, թէ ան տեւաբար նամակներ փոխանակած է տարբեր վայրերու մէջ գտնուող իր բարեկամներուն հետ, միշտ թարմ լուրեր հաղորդած է քաղաքական նորագոյն դաւադրութիւններուն վերաբերեալ, իր ստացած հետաքրքրական տեղեկութիւնները փոխանցած է այլոց` կցելով իր սեփական կարծիքները եւ մեկնաբանութիւնները: Կիկերոնի ժամանակներուն նամակները յաճախ կ՛ընդօրինակուէին, կը բաժնուէին եւ կը մէջբերուէին այլ նամակներու մէջ: Ոմանք կը յղուէին մէկէ աւելի անձերու եւ կը գրուէին բարձրաձայն կարդացուելու նպատակով կամ` հրապարակուելու հանրութեան` ընդհանուր սպառումի համար»:

«Երբ Կիկերոն կամ այլ քաղաքագէտ մը կ՛արտասանէր տպաւորիչ ճառ մը, կրնար ընդօրինակել զայն եւ բաժնել իր գործակիցներուն, որոնք կարդալէ ետք, իրենց կարգին զայն կը փոխանցէին ուրիշներու: Այսպէս, ճառին բովանդակութիւնը կը հասնէր շատ աւելի մեծ թիւով անձերու, բաղդատած անոնց, որոնք լսած էին զայն: Գիրքերը եւս շրջանառութեան մէջ կը դրուէին նոյն ձեւով, պապիրոսի գլաններու շարքերով, որոնք կը փոխանցուէին մէկ անձէն միւսին: Ան, որ կը փափաքէր պահել ճառի մը կամ գիրքի մը օրինակը, զայն արտագրել կու տար դպիրի մը, ապա իրեն հասած օրինակը կը փոխանցէր ուրիշին: Շրջանառութեան մէջ կը դրուէին նաեւ աքթա տիուռնայի (առօրեայ արարքներ կամ` պետական տեղեկատու) օրինակներ, որոնց բնօրինակը կը հրապարակուէր ամէն օր, Հռոմի հաւաքավայրին մէջ, պատի մը վրայ: Այս տեղեկատուները կը բովանդակէին ամփոփումը քաղաքական վէճերու, նոր օրէնքներու առաջարկներու, ինչպէս նաեւ` ծնունդի եւ մահուան յայտարարութիւններ, պետական տօներու թուականներ եւ պաշտօնական այլ տեղեկութիւններ: Կիկերոն դէպի Կիլիկիա ուղեւորուելէ առաջ Մարկոս Կայղոս Ռուփոս անունով իր մէկ բարեկամէն եւ աշակերտէն խնդրած էր իր գրած նամակներուն հետ իրեն ուղարկել իւրաքանչիւր պետական տեղեկատուի օրինակը: Սակայն ասիկա միայն մէկ մասը կը կազմէր Կիկերոնի տեղեկութիւններու աղբիւրներուն: «Ուրիշներ եւս պիտի գրեն ինծի, շատեր լուրեր պիտի բերեն ինծի, շատ բան պիտի հասնի ինծի, նոյնիսկ` տարաձայնութեան միջոցով», գրած է Կիկերոն:

«Տեղեկութիւնը սրընթաց կը հասնէր մէկ պատգամաբերէն միւսին: Այս անպաշտօն համակարգը առիթ կու տար, որ անիկա առաւելագոյնը քանի մը շաբթուան մէջ հասնէր մինչեւ հեռաւոր գաւառներ: Լուր մը հինգ շաբթուան մէջ Հռոմէն կը տարածուէր դէպի արեւմուտք` մինչեւ Բրիտանիա եւ արեւելք` մինչեւ Սուրիա: Առեւտրականներ, զինուորներ եւ պետական պաշտօնեաներ իրենց ընկերային շրջանակներուն միջոցով հանրապետութեան կորիզէն բխած տեղեկութիւնները կը տարածէին մինչեւ հեռաւոր շրջաններ` բարեկամներու հետ բաժնելով նամակներէ եւ ճառերէ հատուածներ կամ պետական տեղեկատուին բովանդակութիւնը, ապա իրենց վերադարձին սահմանային շրջաններէն լուրեր եւ տարաձայնութիւններ կը փոխանցէին Հռոմի իրենց ծանօթներուն: Նամակաբաշխութեան պաշտօնական սպասարկութիւն գոյութիւն չունէր: Նամակները տեղ կը հասնէին պատգամաբերներու, բարեկամներու, առեւտրականներու կամ ուղեւորներու միջոցով: Արդիւնքը այն էր, որ Կիկերոն, ինչպէս նաեւ հռոմէական վերնախաւին պատկանող այլ անձեր տեւաբար տեղեակ կը պահուէին կայսրութեան իրադարձութիւններէն, կապերու ցանցի մը միջոցով, որուն մաս կը կազմէին իրենց ընկերային շրջանակէն անձեր, որոնք բոլորն ալ տեղեկութիւններ կը հաւաքէին, կը զտէին եւ կը փոխանցէին իրարու»:

Կիկերոնի ժամանակներուն ընկերային հաղորդակցութեան պաստառը պապիրոսի գլաններն էին, որոնք կ՛անցնէին ձեռքէ ձեռք:

 

 

 

 

 

 

 

 

Ասիկա այսօր մեզի ծանօթ «ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու» սկիզբն էր, թէեւ այս անունով ծանօթ չէր, ոչ ալ ճանչցուած էր որեւէ այլ անունով: Սթենտէյճ պատշաճօրէն չի յիշատակեր կապը Կիկերոնի այն հռչակաւոր մտածումին հետ, թէ երբ բառ մը գոյութիւն չունէր յունարէնի մէջ, կը նշանակէր, թէ այն բանը, զոր պիտի նկարագրէր անիկա, այնքա՛ն տիրական ներկայութիւն էր, որ մարդիկ այլեւս չէին նկատեր անոր գոյութիւնը: Սակայն Կիկերոնի ժամանակներուն ընկերային հաղորդակցութեան պաստառը պապիրոսի գլաններն էին, որոնք կ՛անցնէին ձեռքէ ձեռք: Իսկ տեղեկութիւնը մարդկային ցանցերու միջոցով տարածելու համակարգը յար եւ նման էր այն բոլորին, զորս այսօր կը տեսնենք Դիմատետրի վրայ, Թուիթըրի եւ Թամպլըրի, կամ պիտի տեսնենք համացանցով հաղորդակցութեան այլ միջոցներով, որոնք տակաւին պիտի ծնին: Կիկերոնի տեղեկութիւններ փոխանակող ցանցին հետեւողութեամբ բազմաթիւ նմանակներ յայտնուած են տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ:

Սթենտէյճ կը գրէ.

«Յիշատակութեան արժանի այլ օրինակներու շարքին են քրիստոնէութեան կանուխ շրջանին շրջանառութեան մէջ դրուած նամակներն ու գրութիւնները, 16-րդ դարու Բարեկարգումի շարժումին սկիզբը Գերմանիոյ մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած տպագիր թռուցիկներու հեղեղը, Բրիտանիոյ Թիւտըրներու եւ Սթիուրթներու պալատներուն մէջ փոխանակուած եւ ընդօրինակուած բամբասանքով լեցուն բանաստեղծութիւնները, թագաւորութեան եւ հանրապետութեան պաշտպաններուն միջեւ քաղաքական մենամարտեր մղող թերթերը, որոնք Անգլիոյ քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ կը փորձէին սիրաշահիլ հանրութիւնը, Լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի սրճարանները ողողած թերթերն ու թռուցիկները, գիտական առաջին թերթերը եւ անոնց ճամբով իրարու հետ հաղորդակցող միութիւնները, որոնք առիթ կու տային իրարմէ հեռու ապրող գիտնականներուն` քննելու այլոց կատարած աշխատանքները եւ զարգացնելու զանոնք, ապա նաեւ` այն թռուցիկներն ու տեղական թերթերը, որոնք զօրակցութեան արշաւներու ձեռնարկած էին Ամերիկայի անկախութեան համար մղուած պատերազմին ժամանակ, ինչպէս նաեւ` ձեռագիր այն բանաստեղծութիւններն ու տեղեկատուները, որոնք Ֆրանսայի յեղափոխութենէն առաջ Փարիզի տարաձայնութիւններն ու բամբասանքը կը սփռէին ամբողջ երկրին տարածքին: Ընկերային հաղորդակցութեան այսպիսի համակարգեր յաճախ յայտնուած են մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ բերանացի կամ գրաւոր տիրական միջոցը եղած են նոր գաղափարներու եւ տեղեկութիւններու տարածումին»:

Սակայն, մինչ պատմութեան ընթացքին ընկերային հաղորդակցութեան հասողութիւնն ու ուժը կը զօրանար, 19-րդ դարը հատու հարուածով մը կը կասեցնէր զայն:

Սթենտէյճ կը բացատրէ.

«Շոգիով աշխատող տպագրական գործիքը, ապա 20-րդ դարուն ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը կարելի դարձուցին «զանգուածային հաղորդակցութիւնը», ինչպէս զայն կը կոչենք այսօր: Զանգուածներուն հասնող արհեստագիտական այս նոր միջոցները աննախընթաց արագութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ անմիջական տեղեկութիւն կը փոխանցէին հսկայական թիւով անձերու: Սակայն այս բոլորը այնքա՛ն ծախսալից էին, որ տեղեկութիւն հաւաքելն ու սփռելը կեդրոնացած էր քանի մը առանձնաշնորհեալներու շուրջ եւ դարձած էր անոնց հակակշիռին ենթակայ գործընթաց մը: Տեղեկութեան փոխանցումը միակողմանի էր, կ՛ընթանար մէկ ուղղութեամբ, կեդրոնացեալ էր եւ սկիզբէն ձեւաւորուած, ինչ որ շուքի մէջ կը ձգէր երկկողմանի, զրոյցի վրայ հիմնուած եւ ընկերային կապերով տարածումի աւանդական ձեւը, որ գոյութիւն ունէր անցեալին: Լրատուամիջոցներու կայսրութիւններ կառուցուեցան զանգուածային հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու վրայ, ինչ որ նաեւ դարբնեց ազգային ինքնութեան զգացողութիւն մը եւ առիթ տուաւ, որ ինքնիշխան պետութիւններ որեւէ ժամանակէ աւելի դիւրութեամբ կարենան տարածել իրենց քարոզչութիւնը»:

Եւ այսպէս, կը հասնինք ներկայ ժամանակներ, ինչ որ Սթենտէյճի կարծիքով, վերադարձ մըն է դէպի Կիկերոնի ժամանակներու ոգիին: Կը տեսնենք ժողովրդավարականացումը այն միջոցներուն, զորս կարելի դարձուցած է համացանցը` առիթ տալով, որ վերագտնենք մենք մեզ ոչ թէ իբրեւ զանգուած մը, որուն անուղղակիօրէն կը հասնի բան մը, այլ` ընկերային ապրող մարմին մը, որ անգամ մը եւս տեղեկութիւններ կը փոխանակէ բազմաթիւ ուղղութիւններով: Անշուշտ միաժամանակ ծնունդ կ՛առնեն շարք մը մտահոգութիւններ եւ հարց կու տանք, թէ արդեօք տեղեկութիւններու համատարած ներկայութիւնը որքանո՞վ արժէքազրկած է հրապարակային վիճարկութիւնը, կամ` արդեօք իրապէս արժէքազրկա՞ծ է զայն, թէ` արդեօք անիկա ի՞նչ ներգործութիւն կ՛ունենայ մեր ուղեղին վրայ, համացանցէն հեռու ապրելու մեր կարողութեան վրայ: Նման վերապահութիւններ կ՛արտայայտեն արհեստագիտութեան ներկայութեան դէմ լարուած եւ անոր պատճառով աշխարհի ահաւոր վիճակ մը պատկերացնող անձերը, մինչ կը լսենք խրախուսիչ բացատրութիւն մը, թէ համացանցի վրայ ընկերային կապերը խորքին մէջ ինչպէ՛ս աւելի խելացի կը դարձնեն մեզ:

Սակայն Սթենտէյճի ամէնէն յատկանշական գաղափարը այն է, թէ արհեստագիտական ներկայ միջոցները եւ անոնց նկատմամբ մտավախութիւնները նորութիւն չեն: Պատմական ոչ թուային (անալոկ) նախատիպերու հետազօտութիւնը մեզի կ՛օգնէ ոչ միայն աւելի լայն հայեցակէտով արժեւորելու ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մեր ներկայ ըմբռնումները, այլ նաեւ մեզի կ՛ընձեռէ կարողութիւնը` զանազանելու այն սովորութիւնները, մօտեցումները, կարելիութիւնները եւ տեղեկութիւններ բաշխող համակարգերը, որոնք լաւագոյն ձեւով կը գոհացնեն մեր պահանջները իբրեւ անհատ, հաւաքականութիւն եւ քաղաքակրթութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )