Համագործակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի Քանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին Միջեւ

Հայաստանի պետական ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ նոյեմբեր 7-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Քանատայի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ համաձայնագիրին, երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագիրներ ու արխիւային փաստագրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու հետ: Համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ պիտի ըլլայ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան:

Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն պատմականը` յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիցայի ջարդին վրայ:

Թանգարանը նաեւ կը մշակէ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը, որուն նպատակն է Քանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:

Յիշեցնենք, որ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայոց  ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման համար, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով 2012-ին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժելա Քասի եւ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր քանատահայութեան հասարակական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին առաքելութիւնը: Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը ներկայիս աշխատանք կը տանի նահանգային կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցումը ներառելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կը ծրագրէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրները` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Քանատայի միացեալ մարմինին համագործակցութեամբ:

Նշենք, որ Քանատայի խորհրդարանը 2004-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ ներկայ վարչապետ Սթիվըն Հարփըր 2006-ի ապրիլ 19-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը հաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )