Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարան. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կը Խօսի «Փոքրամասնութեանց Քաղաքական Համարկումը» Նիւթին Շուրջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի (LAU) քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքին, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներէ 20 ուսանողներ ներկայիս կը հետեւին խտացուած սեմինարի մը` «Ժողովրդավարական առաջնորդներու ծրագիր» ընդհանուր խորագիրին տակ:
Այս առիթով, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց «Փոքրամասնութեանց քաղաքական համարկումը – Լիբանանի հայութեան պարագան» նիւթը: Ան, երկու ժամ տեւած զեկոյցով հանդէս գալով, պատմական տուեալներու ներկայացումով, բացատրեց Մ. Արեւելքի եւ Լիբանանի հայութեան կազմութեան պարագաները, անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրականութեան եւ տեսական տարազներէ մեկնելով` ներկայացուց քաղաքական համարկման գործնականացումը Լիբանանի հայութեան պարագային:
Սեմինարի մասնակիցները լայն հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով ներկայացուած նիւթին նկատմամբ` հարցումներով պարզաբանումներ խնդրեցին Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան, այս հարցին նկատմամբ արաբական եւ իսլամական շրջանակներու ըմբռնումի տարողութեան, միջազգային ճանաչման եւ Մ. Արեւելքի զարգացումներուն նկատմամբ թրքական դիրքորոշումներուն շուրջ:
«Ժողովրդավարական առաջնորդներու ծրագիր» սեմինարին ներկայացուած էին հետեւեալ պետութիւնները` Լիպիա, Թունուզ, Մարոք, Ալճերիա, Սուտան, Եգիպտոս, Իրաք, Պահրէյն, Քուէյթ, Յորդանան, Սուրիա եւ Լիբանան:

