Քննական Ոսպնեակ. Համահայկական Գիտակցութեան Ընդլայնում
ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան համալսարաններուն, անոնց որակին ու դիմագրաւած հարցերուն եւ դժուարութիւններուն մասին շատ կարծիքներ կան: Յօդուածին նպատակը Հայաստանի կրթութեան հարցերու ամբողջական ներկայացումը չէ, ոչ ալ` անոր ընդհանուր արժեւորում տալը: Վերոյիշեալ երկու գործերը կը կարօտին լուրջ մասնագիտական պրպտումներու: Այս պրպտումներէն առաջ հարկ է ունենալ ընդհանուր համահայկական գիտակցութիւն, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ կատարել վերոյիշեալ ախտաճանաչումները, կարելի կ՛ըլլայ գտնել այդ հարցերուն համապատասխան լուծումները, ինչպէս նաեւ կարելի կ՛ըլլայ այլ ընկերային ու քանակական խնդիրներու լուծման առաջին քայլերը առնել:
Նախ եւ առաջ պէտք է նշել, թէ կրթութիւն ըսելով` չենք հասկնար պարզապէս մասնագիտացում: Կրթութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ առողջ միջավայրի մը ստեղծումը, ուր կարելի կ՛ըլլայ ունենալ հեզասահ մասնագիտացումներ: Այս նկատառումով է, որ կրթութիւն ըսելով` կը հասկնանք ընկերային միջավայր, ուր կարելի կ՛ըլլայ խմբել հայ ուսանողութիւն: Այս նոյն մօտեցումով եթէ մօտենանք, կրթական հարցեր կը նշանակեն` ընկերային հարցեր (յատկապէս Հայաստանի մէջ), իսկ անոնց լուծումը կը նշանակէ` ընկերային-կրթական հարցերու լուծում, որ իր կարգին յառաջ պիտի բերէ այլ ընկերային հարցերու լուծում:
(Աւելի ուշ մանրամասն կ՛անդրադառնանք, թէ ինչպէս կրթական հարցերու լուծումը կը յանգի ընկերային եւ այլ ոլորտներու հարցերու լուծման):
Թէեւ յօդուածը չի նպատակադրեր ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական հարցերը, բայց կացութեան ճգնաժամային վիճակը հասկնալու եւ զայն փոխելու անհրաժեշտութեան գիտակցելու համար ամփոփ ձեւով ներկայացնենք կարգ մը հարցեր, որոնք իրենց կարգին պէտք է յատուկ ուսումնասիրութիւններու նիւթ դառնան:
Արդէն յայտնի երեւոյթ է, որ Հայաստանի կրթութեան համակարգի մասնագէտներ եւ ուսուցիչներ յաճախ շատ չնչին ամսականներ կը ստանան: Ասիկա յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ անոնցմէ ոմանք դիմեն կաշառակերութեան (թէեւ որոշ մարդիկ կան, որ այնքան ալ ստիպուած չէ, որ կաշառքներ կը վերցնեն): Կաշառակերութեան երեւոյթը ինքնին բաւական է, որպէսզի շատերու համար Հայաստանի Հանրապետութեան համալսարաններու վկայականը իր վաւերականութիւնը կորսնցնէ: Այստեղ կաշառակերութեան չափին մասին չէ խօսքը, այլ` հանրութեան մէջ անոր ստեղծած տպաւորութեան: Վերջ ի վերջոյ հանրութիւնն է, որ իր զաւակները պիտի ուղղէ համալսարան, եւ այդ համալսարաններով ամէնէն շատ հետաքրքրուողն ալ ինքն է: Այսպէս, նոյնիսկ եթէ հայրենիքի կրթութեան մակարդակը բարձր է, կաշառակերութեան երեւոյթը կրնայ նպաստել անոր վարկի անկումին:
Այս հարցերուն վրայ պէտք է աւելցնել Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) ազդեցութիւնը կրթութեան ոլորտին մէջ: Այս ազդեցութիւնը կ՛ըլլայ թէ՛ պաշտօնէութեան եւ թէ՛ ուսանողութեան վրայ: Այսպէս, յաճախ ոչ ՀՀԿ-ական ուսուցիչներ կ՛ենթարկուին որոշ դժուարութիւններու, իսկ ուսանողական խորհուրդներու մէջ ոչ ՀՀԿ-ականններ գտնելը բացառիկ երեւոյթ է: Նոյնպէս պէտք է աւելցնել ուսման բարձր գիները եւ անոնց աւելի ու աւելի բարձրացումը, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք Հայաստանի ժողովուրդին տնտեսական վատ վիճակը:
Ինչպէս արդէն կը տեսնենք, մեր նշած բոլոր հարցերն ալ ունին ընկերային-տնտեսական բնոյթ: Այսինքն այս հարցերուն լուծումը, բացի իր անմիջական կրթական ազդեցութենէն, պիտի նշանակէ նաեւ որոշ ընկերային հարցերու վերացում: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել այն հանգամանքը, որ կրթութեան յոռի երեւոյթները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան երիտասարդ ուսանողին վրայ, իսկ այս երեւոյթներուն վերացումը կը նշանակէ, թէ այդ ուսանողը աւելի հեզասահ կերպով կրնայ դառնալ յանձնառու քաղաքացի եւ կրնայ յանձն առնել բազմաթիւ այլ հարցերու լուծման պատասխանատուութիւնը: Այսպէս, կրթական ոլորտի բարեփոխում` կը նշանակէ եռակի փոփոխութիւն նախ եւ առաջ զուտ կրթական, ապա ընկերային-տնտեսական (կրթական սահմաններուն մէջ) եւ վերջապէս` ընկերային այլ հարցերու լուծման տեսլական:
Հաւանաբար արդէն որոշ կազմակերպութիւններ կը տանին որոշ աշխատանքներ` կրթութեան հարցերը լուծելու համար: Սակայն, ինչպէս յօդուածին սկիզբը նշեցինք, այս փոփոխութիւնը կը կարօտի համահայկական գիտակցութեան մը կազմաւորման: Նախ պէտք է նշել, թէ համահայկական գիտակցութեան որդեգրումը պէտք չէ ցնորական թուի: Արդարեւ, կան կարգ մը ոլորտներ, ուր որոշ չափով որդեգրուած է համահայկական գիտակցութիւն: Այս երեւոյթին ամէնէն պարզ օրինակը համահայկական հիմնադրամն է, որ ռազմավարական-ապահովական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու շուրջ որոշ չափով ստեղծած է համահայկական գիտակցութիւն: Նոյնիսկ եթէ վերոյիշեալ գիտակցութիւնը ամբողջական չըլլայ, բայց անոր գոյութիւնը անհերքելի է: 20 տարուան հանրապետութիւն ունեցող հայութեան պարտքն է այդ գիտակցութեան սահմանները ընդլայնել եւ անոր մէջ ներառել ընկերային-կրթական հարցերը: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ այս հարցերու լուծման համար տարուող աշխատանքը պէտք է դառնայ նոյնքան անհրաժեշտ, որքան` ռազմավարական-ապահովական նշանակութիւն ունեցող աշխատանքները, որովհետեւ այս աշխատանքով է, որ կարելի կ՛ըլլայ ապրիլ ընդհանուր յառաջխաղացում, որ իր կարգին կրնայ ապահովել ռազմավարական-ապահովական նշանակութիւն ունեցող հարցերու, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու արմատական եւ մնայուն լուծումները:
Այսպէս, կրթական հարցերու լուծումներ գտնելը պէտք է անհրաժեշտութիւն դառնայ սփիւռքի եւ հայրենիքի բարգաւաճման համար աշխատանք տանող կազմակերպութիւններուն համար: Ասոր համար կայ նաեւ այլ պատճառ: Կրթական համակարգի փտածութիւն` կը նշանակէ ամբողջ ընկերութեան փտածութիւն, ինչպէս նաեւ` յաճախ անոր լուծման անհաւանականութիւն, իսկ արդար ու ողջմիտ կրթութիւն կը նշանակէ յոյսի նշոյլ` նուազեցնելու համար փտածութիւնը ընդհանրապէս (եռակի փոփոխութիւն):
Անհերքելի է, որ ֆինանսական հարցերը հիմնական պատճառներէն են կրթական համակարգի փտածութեան: Ուրեմն սփիւռքը իր օժանդակութիւններուն մէջ իր յատուկ տեղը պէտք է տայ Հայաստանի համալսարաններու օգնութեան եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ` ընդհանուր ֆինանսաւորման: Ասիկա նախ եւ առաջ կը նշանակէ աշխատանք տանիլ մասնագէտներու արդար արժեւորման համար, որ պիտի մղէ, որ այդ մասնագէտները դադրին լքելէ իրենց հայրենիքը: Ասիկա կրնայ նոյնիսկ նշանակել սփիւռքահայ մասնագէտներու Հայաստան հաստատուիլն ու այդտեղ աշխատիլը:
Երկրորդ` ֆինանսաւորում կը նշանակէ որոշ հսկողութիւն: Այսինքն սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ ներդրումներ կատարելով կրթական ոլորտին մէջ` կրնան պահանջել որոշ չափանիշներու որդեգրում: Այս երեւոյթը որեւէ ներդրողի բնական իրաւունքն է:
Այսպէս, նիւթական ներդրումը կ՛ունենայ երկու ազդեցութիւն` անմիջական կրթական զարգացում եւ մասնագէտներու արդար արժեւորում, ինչպէս նաեւ` ընդհանուր վերահսկողութիւն եւ որոշ չափանիշներու որդեգրում, որ ինքնին պիտի նպաստէ կրթութեան աւելի հեզասահ ու արագ զարգացման:
Կրթութեան այս զարգացումը կ՛ունենայ բազմաթիւ հետեւանքներ: Նախ, ինչպէս արդէն ըսինք, անիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ այլ ընկերային մարզերու վրայ, որովհետեւ եթէ ունենանք ուսանողութիւն, որ ստացած է բարձրորակ կրթութիւն` արդար եւ բնական պայմաններու մէջ, այդ կը նշանակէ` յանձնառու քաղաքացիներու պատրաստութիւն:
Երկրորդ արդիւնքը սփիւռքահայ ուսանողներու հայրենիքի մէջ մասնագիտացման երեւոյթն է: Սփիւռքահայ ուսանողներու հայրենիքի մէջ ուսանիլը անհրաժեշտութիւն է եւ կ՛ունենայ բազմաթիւ դրական ազդեցութիւններ:
Հայաստանը քանակական ճգնաժամի մէջ է, հետեւաբար որոշ թիւի առնուազն չորս տարուան հայրենիքի մէջ հաստատուիլը կրնայ որոշ տարբերութիւն ընել: Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը հիմնականին մէջ կազմուած է 2 տարուան համար զինծառայողներէ, ապա պէտք է պատկերացնել, թէ 4 տարուան համար ուսանելու համար գացած երիտասարդը որքանով կը փոխարինէ իր գաղթած հայրենակիցները: Ասոր պէտք է աւելցնել այն հանգամանքը, որ ուսանողներէն շատեր կրնան նոյնիսկ Հայաստան հաստատուիլ եւ ունենալ հեզասահ հայրենադարձութիւն:
Երկրորդ ազդեցութիւնը փոխյարաբերութիւններու գետնի վրայ է: Այսինքն Հայաստանէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն եկած ուսանողներ, ծանօթանալով իրարու հոգերուն եւ մտածելակերպին, կրնան նոր գաղափարներու յանգիլ ու համագործակցիլ:
Այսպէս, կրթութիւնը գրաւիչ կը դառնայ թէ՛ Հայաստան բնակող ուսանողներուն եւ թէ՛ սփիւռքահայ ուսանողներուն համար: Միեւնոյն ատեն ան կրնայ դառնալ քանակական որոշ լուծումի մը սկիզբը, ինչպէս նաեւ կ՛ունենայ իր որակական անմիջական ազդեցութիւնը:
Այսպէս, կրթական ոլորտի զարգացմամբ ու ճիշդ քարոզչութեամբ կարելի կ՛ըլլայ որդեգրել հայրենադարձութեան այլընտրանքային ձեւ մը, չըսելու համար` լիիրաւ հայրենադարձութեան սկիզբ, որ կրնայ մասնակի լուծում բերել մեր քանակական հարցին: Եթէ տարիներ առաջ գիտակցելով քանակական ճգնաժամին` ձեռնարկուեցաւ զանգուածային հայրենադարձութեան, ուրեմն այսօրուան ճգնաժամի պարագային պէտք չէ այնքան ալ ցնորական թուի այսպիսի հայրենադարձութեան այլընտրանք կամ սկիզբ:

