Իսրայէլ Կազայէն Կատարուած Հրթիռարձակումներուն Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ Ապահովութեան Խորհուրդին
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոն Փրոսոր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին բողոքագիր մը ներկայացուց Կազայէն իսրայէլեան հողերուն դէմ կատարուած հրթիռարձակումներու հարցով:
Բողոքագիրին մէջ կը նշուի, որ Համաս շարժումը կը շարունակէ իր ահաբեկչական գործունէութիւնը այնպիսի պահու մը, երբ Իսրայէլ պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ կը վարէ, սակայն Համաս շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն կը հակադարձէ անզէն քաղաքայինները թիրախ դարձնելով:
Իսրայէլեան բողոքագիրին մէջ նշուած է, որ Համաս Իսրայէլի Կազա մուտք գործել արտօնած շինարարական նիւթերը կ՛օգտագործէ ահաբեկչական յարձակումներ գործելու նպատակով փապուղիներ կառուցելու համար:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Համասի հետ յառաջիկայ ճակատամարտը աւելի բուռն եւ նախորդ պատերազմէն տարբեր պիտի ըլլայ` նշելով, որ Համաս կը պատրաստուի տարբեր պատերազմի մը, որուն ընթացքին «75 Էմ» տիպի աւելի մեծ թիւով հրթիռներ պիտի արձակէ, հակառակ զինք նեղ կացութեան մատնած եւ փապուղիները փակելով ճնշումի օղակը սեղմած եգիպտական յեղափոխութեան:
Օրաթերթը կը նշէ, որ «75 Էմ» հրթիռի հասողութիւնը 70 քիլոմեթր է եւ կրնայ հասնիլ Մեծն Թել Աւիւի շրջան, որ ծանօթ է «Ժոշ Տան» անունով:


