Քերրի. «Ամերիկեան Յատուկ Ծառայութիւնները Շատ Հեռուն Գացած Են»
«Վրեմիա» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ստիպուած եղած է խոստովանիլ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները լրտեսական իրենց գործունէութեան ընթացքին «շատ հեռուն գացած են» եւ գործած օրէնքի սահմաններէն դուրս:
Քերրի «Օփըն Կաւըրնմընթ Փարթնըրշիփ» խորհրդաժողովին ծիրին մէջ յայտնած է, որ «ես, ինչպէս նաեւ նախագահ Պարաք Օպամա, կ՛ընդունինք, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները շատ հեռուն գացած են, սակայն կը վստահեցնեմ, որ անոնց գործողութիւններուն պատճառով անմեղ մարդիկ չեն վնասուած: Այսուհետեւ մենք պիտի հետեւինք, որ այս միջադէպը ապագային չկրկնուի»:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ ամերիկեան հետախուզական գործողութիւններուն ծաւալները ուռճացուած են: Ըստ անոր, 70 միլիոն մարդ գաղտնալսելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան:
Նախապէս, նախագահ Օպամա յայտարարած էր, որ տեղեակ չէ պահուած հետախուզական գործունէութեան մասին, սակայն Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան աշխատակիցները հակադարձած են անոր` ըսելով, որ «նախագահը ամէն ինչի մասին շատ լաւ գիտցած է»:

