«Պաղեստինցիները Պէտք Է Տունդարձի Իրաւունքէն Եւ Իրենց Այլ Պահանջներէն Հրաժարին» Ըսաւ Նեթանիահու
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պաղեստինցիներուն կոչ ուղղեց` «պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքէն եւ ազգային այլ պահանջներէն հրաժարելու, ինչպէս նաեւ հրեաներու` իրենց հայրենիքին մէջ պետութիւն մը հաստատելու իրաւունքը ճանչնալու»:
«Որպէսզի մեր եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի, անոնք պէտք է ճանչնան հրեայ ժողովուրդին իր հայրենիքին վրայ սեփական ազգ-պետութիւն մը ունենալու իրաւունքը, որուն միտք բանին այն է, որ անոնք (պաղեստինցիները) վերջնական համաձայնագիրի մը ծիրին մէջ պէտք է ընդունին ջնջել իրենց ազգային պահանջները, ներառեալ` տունդարձի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պետութենէն այլ ազգային պահանջներ»:
Նեթանիահու իր գլխաւորած կառավարութեան շաբաթական նիստին ընթացքին յայտնեց, որ «անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Պալֆուրի խոստումին 96-ամեակը նշեցինք: Այդ խոստումը Իսրայէլի հողին վրայ ազգ-պետութիւն մը ունենալու հրեայ ժողովուրդին իրաւունքը ճանչցաւ»` նշելով, որ «այդ ճանաչումը կարեւոր է, սակայն պէտք է ըսել, որ եթէ հրեայ ժողովուրդը 80 տարի շարունակ բնակեցում չկատարէր եւ իր սեփական ուժերով հրէական հասարակութիւնը պաշտպանելու չպատրաստուէր, պետութիւնը պիտի չհաստատուէր»:
Իսրայէլի վարչապետը նաեւ նշեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պաղեստինեան հասարակութեան մէջ Իսրայէլի դէմ կազմակերպուած հրահրում կը կատարէ:


