«Վրաստանը Պիտի Շարունակէ Մօտենալ Եւրոպային» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի
Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի «Վրացական երազանք» դաշինքին մաս կազմող Վրաստանի հանրապետական կուսակցութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Վրաստանի ղեկավարութիւնը պիտի շարունակէ Եւրոպայի հետ մտերմանալու ուղին, սակայն այս անգամ իշխանութիւնները ոչ միայն պիտի խօսին, այլեւ պիտի գործեն:
Ըստ Իվանիշվիլիի, Վրաստանի նախկին իշխանութիւնը միայն կը խոստանար, որ Վրաստանը Եւրոպային մօտիկ պիտի դառնայ, սակայն ոչ մէկ քայլ կ՛առնէր: Այժմ իշխանութիւնները «դէպի Եւրոպա ուղղութիւնը իսկապէս պիտի շարունակեն»:
Գործող վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի հրաժարական պիտի տայ 24 նոյեմբերին:
CATEGORIES Միջազգային


