Խամենէի. «Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Թղթածրարին Շուրջ Քննարկումներ Կատարելու Արգելք Գոյութիւն Չունի, Սակայն Ես Լաւատես Չեմ»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի, անդրադառնալով Իրանի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարին շուրջ բանակցութեան, յայտնեց, որ «նախապէս ըսի, որ քննարկումներ կատարելու առնչութեամբ արգելք գոյութիւն չունի, սակայն ես լաւատես չեմ»:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մեծամիտ գործելաոճը աշխարհի ժողովուրդներուն մօտ ամերիկեան վարչակազմին նկատմամբ անվստահութիւն եւ դժգոհութիւն ստեղծեց` աւելցնելով, որ «որեւէ պետութիւն, որ Ամերիկայի վստահած է, վնաս կրած է` նոյնիսկ եթէ անոր բարեկամներէն է»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցող իրանեան պատուիրակութեան անդամ Ապպաս Արաքճի յայտնեց, որ «Իրան պիտի չընդունի իր հիւլէական թղթածրարին վերաբերող որեւէ լուծում, եթէ իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջում չպարունակէ»:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին յոյս յայտնեց, որ «5+1»-ի պետութիւններն ու ամերիկեան կառավարութիւնը շահագործում կատարել չեն ջանար:
«Արեւմուտքին հետ մեր կարմիր գիծերը իրանցի ժողովուրդի իրաւունքները, ազգային գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պարտադրանքի չենթարկուիլն են», ընդգծեց Իրանի նախագահը:


