Իսլամական Նոր Տարուան Առիթով Հոգեւոր Պետերու Պատգամներ

Իսլամական նոր տարուան առիթով` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ արտասանեց պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է վերջ տան իրարու նկատմամբ ատելութեան, քինախնդիր մօտեցումին եւ ուրիշը ջնջելու մտայնութեան, ինչպէս նաեւ ուրիշը վարկաբեկելու եւ ուրիշին վրայ յարձակելու արարքներուն:

Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը` հաստատելով, որ այլապէս փողոցներու եւ տարբեր շրջաններու կառավարութիւնները պիտի ստանձնեն երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:

Իր կարգին, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով ներքին լիբանանեան տարակարծութիւններուն վերջ տալու եւ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վերադառնալու ազգային երկխօսութեան լուրջ նիստի մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ լիբանանեան պետութիւնը ամրապնդել:

 

Share this Article
CATEGORIES