Լիբանանի Մէջ Համացանցի Հաւանական Տագնապը Լուծուեցաւ
Լիբանանի մէջ վաղուընէ սկսեալ պիտի սկսէր համացանցի լուրջ տագնապ մը` նկատի ունենալով լիբանանեան պետութեան կողմէ «ԻՄԵՈՒԷ» (Ծովային մալուխի ընկերակցութիւն) միջազգային ծրագիրին կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուիի հետ` իմանալու համար համացանցի ծառայութեան համար նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու քայլերը:
Միքաթի իր կարգին տեղական եւ միջազգային հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու շնորհիւ կրցաւ լուծել «ԻՄԵՈՒԷ» միջազգային ծրագիրին հետ Լիբանանի հարցը` համաձայնութիւն մը գոյացնելով, որ Լիբանան պիտի վճարէ իր նիւթական պարտաւորութիւնը, որ կը հասնի երկու միլիոն երեք հարիւր հազար տոլարի:
Սահնաուի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համացանցի տագնապի մը սկիզբին մասին յայտարարութիւնները չափազանցուած էին:

