Պըրրի. «Ապահովութիւնը Լիբանանեան Պետութեան Պարտականութիւնն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ապահովութիւնը լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է:

Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանցիները երկխօսութեան հրաւիրելու առնչութեամբ իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը չի հետապնդեր երկխօսութեան սեղանին վրայ կառավարութիւն մը կազմելու նպատակը, այլ` կը միտի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնել կառավարութեան ձեւին շուրջ, «որովհետեւ կառավարութեան կազմութիւնը հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ», աւելցուց ան:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան կայացման պատկերը կը սկսի յստականալ 25 մարտին: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ անիշխանութիւնը նախատեսելի չէ, բացի եթէ ոմանք իսկապէս որոշած են լիբանանեան իրենց պատկանելիութենէն հրաժարիլ:

Անդրադառնալով խորհրդարանի նիստերը օրինաւոր դարձնող ներկաներուն թիւին` Պըրրի ըսաւ, որ խորհրդարանին նիստը օրինաւոր կը նկատուի, երբ անոր անդամներուն երկու երրորդը ներկայ են: «Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք ներկայութեան պատկերին հետ խաղալէ», ընդգծեց ան:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութիւնը, իսկ հրաժարեալ կառավարութեան կողմէ արտակարգ նիստ մը գումարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն են այդ նիստին կայացումին, բացի` Մուսթաքպալ հոսանքը, հետեւաբար պէտք է կռահել, թէ ո՛վ կ՛ընդառաջէ Մուսթաքպալի պահանջները գոհացնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES