Լիբանան Ստացաւ «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Նիստին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր, որ Գահիրէի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, ստացաւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովին մասնակցելու հրաւէրը:

Մանսուրի որոշումով, երեքշաբթի, 5 նոյեմբերին տեղի ունենալիք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովին պիտի մասնակցի Ժընեւի մէջ գտնուող միջազգային կազմակերպութիւններու դեսպան Նաժլա Ռիաշի Ասաքեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )