Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ 3-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Սաֆայէն

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Անսար կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով վերադարձաւ Թրիփոլիէն, ուր 1-0 արդիւնքով յաղթեց Իժթիմահիի: Անսար իր միակ կոլը նշանակեց 65-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ֆահտ Աուտաթի:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Անսար այժմ 11 կէտով կը գտնուի 2-րդ դիրքին վրայ, մինչ Իժթիմահի 8 կէտով` 7-րդ դիրքին վրայ:

Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ախա Ահլի Ալէյ – Շապապ Սահել մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Սահել 9 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, իսկ Ալէյի կազմը 8 կէտով` 8-րդ դիրքը:

Սայտայի մէջ, Ահտ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թատամոն Սուրի եւ այսպիսով ունեցաւ 10 կէտ: Հարաւի կազմը ունի 5 կէտ:

Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Ռասինկ Պէյրութ դժուարութեամբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սալամ Զղարթայի:

Իր կարգին, յաղթանակ մը արձանագրեց Մապարրա` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թրիփոլին:

Վերջապէս, Նըժմէ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաֆայէն:

Share this Article
CATEGORIES