Նախագահ Սլէյման Թրիփոլիի Ապահովական Կացութիւնը Քննարկեց Միքաթիի Եւ Շարպելի Հետ

Նախագահ Սլէյման, Միքաթի եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընթացիկ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել:

Քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնն ու ապահովական միջոցառումները, որոնք որդեգրուած են բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

Նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ տագնապին յատուկ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը գրեթէ հաստատ է:

Նշենք, որ Սէուտական «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նշուած է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երեքշաբթի օր պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Սակայն այլ աղբիւրներ շեշտեցին, որ նախագահ Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը կրնայ առկախուիլ:

Share this Article
CATEGORIES