Թրիփոլիի Մէջ Նողկանք Պատճառող Մէկ Այլ Միջադէպ

Հակառակ անոր որ Թրիփոլիի մէջ շաբաթավերջին զինեալ բախումները չսաստկացան, սակայն արձանագրուեցաւ քստմնելի այլ արարք մը, երբ դիմակներ հագած երկու զինեալներ կանգնեցուցին ութ անձեր փոխադրող պաս մը եւ զայն ստիպեցին ուղղուիլ Թըպպանէի ներքին փողոցները, ուր անոնք կրակ բացին փոխադրուող անձերուն ոտքերուն` վիրաւորելով անոնցմէ վեցը:

Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը իսկոյն ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոց ու սկսան հետապնդել փախուստ տուած յանցագործները:

Բանակը շաբաթ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ վերոնշեալ դէպքին մեղսակիցներն են Խալետ Ժամալ Ռայի, Օմար Մոհամետ Ապտել Ազիզ Ահմետ, Մուսթաֆա Ապտել Համիտ Ժաուհար եւ սուրիացի քաղաքացի Եհիա Սամիր Մոհամետ:

Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եհիա Սամիր Մոհամետ արդէն իսկ ձերբակալուած է, իսկ մնացեալ մեղսակիցներուն փնտռտուքը ընթացքի մէջ է:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ պասին մէջ գտնուող քաղաքացիները Ժապալ Մըհսենի բնակիչներէն էին:

«Այս արարքին պատասխանատուն ան է, որ կ՛արգիլէ բանակին մուտքը Պապ Թըպպանէի խորերը: Կոչ կ՛ուղղենք հանրապետութեան նախագահին բացայայտելու այն դրդապատճառները, որոնք արգելք կը հանդիսանան բանակին, որ մուտք գործէ այդ շրջանները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Թըպպանէի մէջ արձանագրուած այս արիւնալի միջադէպը եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի հետ, որոնցմէ իմացաւ այս գծով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները:

Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Թըպպանէի մէջ գործուած արարքը դատապարտելի է, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն ուղղուած շատ վտանգաւոր պատգամ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ երկրին մէջ յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումը ինչ աստիճանի կրնայ հասնիլ:

Հըզպալլա կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցին եւ դատական իշխանութիւններուն յանցագործները ենթարկելու խստագոյն պատիժներու:

Երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա իր բնակարանին մէջ նախագահեց Թրիփոլիի երեսփոխաններուն հանդիպումին, որուն անունով ան դատապարտեց պատահարը եւ կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը եւ բացայայտելու ու հետապնդելու այդ արարքը գործող յանցագործները:

Քապպարա դիտել տուաւ, որ այդ արարքը տարօրինակ է Թրիփոլիի բնակիչներուն համար:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Ժապալ Մըհսենի զաւակները թիրախ դարձնող այդ արարքը` շեշտելով, որ նման աքթեր Լիբանանի թշնամիներուն շահերուն կը ծառայեն:

Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտը հարցաքննութեան կանչելու պահանջը դատական իշխանութիւններուն յանձնարարութեամբ կատարուած է` աւելցնելով, որ Իտի կողմէ հարցաքննութեան ներկայանալու մերժումը պիտի յանգի ահաբեկչութեան մեղսակից դառնալու առումով անոր ամբաստանութեան:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Իտ ընտանիքին կողմէ նախանցեալ օր կատարուած յայտարարութիւնները եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի անդամ Պասսամ Հալապին մզկիթներու պայթումին յանցանքով ամբաստանելը անճիշդ են` ընդգծելով, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մէջ Պասսամ Հալապի անունով անդամ մը չկայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )