Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացքը Կը Շարունակուի

Երկրորդ տարին ըլլալով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացք, որուն պիտի մասնակցին քսան աշակերտներ:

Դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ եւ պիտի տեւէ մինչեւ մայիսի կէսը, շաբաթը երեք օր: Դասընթացքը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը. լեզուագիտական գիտելիքներ, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, մատենագրութիւն, հայ մամուլ, հայ գրականութիւն, հայերէնի եւ գրականութեան դասաւանդման մեթոտաբանութիւն, հայ երաժշտութիւն, թատրոն, պարարուեստ, ճարտարապետութիւն, մանրանկարչութիւն, կերպարուեստ, գորգագործութիւն, ձեռարուեստ եւ մանկական գրականութիւն:

Վերոյիշեալ նիւթերը պիտի դասաւանդուին հետեւեալ անձերուն կողմէ. Կարօ Յովհաննէսեան, Գեղանի Էթեէմեզեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ Մովսէս Հերկելեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )