Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան «Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ, արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան շաբաթ, 2 նոյեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին այցելեց Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը:

Դպրոցի գեղանկարչութեան դասընթացքներուն հետեւող ուսանողները, ինչպէս նաեւ դպրոցէն աւարտող աշակերտներ եւ գեղանկարչութեամբ հետաքրքրուող երիտասարդներ շուրջ մէկ ժամ մասնակից դարձան Վահէ Պէրպէրեանի գեղանկարչութեան աշխարհի փորձառութեան եւ տեսահայեացքին:

Անոնք իրենց հարցումներով հանդիպումը վերածեցին աւելի հետաքրքրաշարժ:

2013-2014 կրթական տարեշրջանի սեմին ուսանողները լիցքաւորուեցան գեղանկարչութեան աշխարհի նոր գիտելիքներով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )