Կացութիւնը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ ընդհարումներու դաշտը օրական փոփոխութեան կ՛ենթարկուի մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններէն դէպի արեւմուտք եւ հարաւ:

Պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ տարբեր ծայրամասերու ուղղութեամբ, ինչպէս` Պարզէ եւ Քապուն:

Մայրաքաղաքի կեդրոնի տարբեր խաղաղ թաղամասեր կը շարունակեն թիրախ դառնալ հրասանդի հրթիռներու հարուածներուն, որոնց պատճառով կ՛արձանագրուին վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ, իսկ բախումներու գօտի դարձած շրջանները տակաւին կ՛ենթարկուին դիպուկահարներու հարուածներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )