Թուրքիոյ Մէջ Տեղանունները Սկսած Են Փոխուիլ
«Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ հրապարակուած «Ժողովրդավարական թղթածրար»-ի առաջարկները մէկ առ մէկ իրականանալու սկսած են: Թղթածրարին մէջ ներառուած էր նաեւ զանազան տեղանուններ իրենց նախկին անուններուն վերադարձնելու տրամադրութիւն մը: Օրաթերթը կը նշէ, որ յայտնի էր, որ ատիկա տակաւին շատ լայն տարողութիւն մը պիտի չունենայ, սակայն անպայման առիթ պիտի ընծայէր, որ ուրիշ տեղանուններու համար ալ պահանջուէր նախկին անունին վերադառնալու իրաւունք:
«Մարմարա» կ՛աւելցնէ, որ առայժմ երկու տեղանուններու անունները փոխուած են «Ժողովրդավարացման թղթածրար»-ին ընդունումէն ետք Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած մասնաւոր օրէնքով մը:
Սղերդի Այտընլար գաւառակին անունը վերադարձուած է իր նախկին անունին, որ Թիլլօ է: Իսկ Նեւշեհիրի համալսարանին անունն ալ փոխուած է «Հաճը Պաքթաշը Վելի»-ի:

