«Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Պէտք Է Ընդունինք Իբրեւ Մարտահրաւէր» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտարարեց, որ Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշումը եւ վերջերս Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւին մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ կէտերու ներառումը հայկական կողմը ձգած են փակուղային իրավիճակի մէջ:
Մեկնաբանելով Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ վերոնշեալ բանաձեւի ընդունման փաստը եւ պատասխանելով karabakh-open.info-ի այն հարցումին, թէ ատիկա ինչպէ՞ս կ՛ազդէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վրայ, Դաւիթ Իշխանեան նկատել տուաւ, որ ատիկա չի կրնար որեւէ դրական ազդեցութիւն ունենալ եւ ձեռնոց նետուած է ոչ միայն Արցախին, այլ նաեւ Հայաստանին:
Իշխանեան ընդգծեց, որ ասիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ բոլոր մակարդակներու վրայ Ղարաբաղը իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործուի: «Գաղտնիք չէ, որ ստեղծուած իրավիճակը ուղղակի փակուղային է, եւ մենք այսօր կանգնած ենք համազգային առումով բաւական ծանր կացութեան եւ ընտրութեան առջեւ: Բոլոր առումներով խաղաքարտը Ղարաբաղն է` Մաքսային միութիւն, հայ-թրքական յարաբերութիւններ, Եւրոպական Միութիւն, Ընկերակցութեան համաձայնագիր», նշեց ան` աւելցնելով, որ շատ կարեւոր են ղարաբաղեան կողմի դիրքորոշումներու արտայայտումը եւ կարծր կեցուածքի ցուցաբերումը:
«Եթէ նոյնիսկ այդ կարծր կեցուածքը չհամապատասխանէ՞ Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշման» հարցումին պատասխանելով Իշխանեան յայտնեց, որ «բաւարար ուժ կը գտնուի ներքին դաշտին վրայ համահայկական ուժերու առումով, որովհետեւ մենք ուրիշ ելք չունինք»:
Ըստ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, արտաքին քաղաքական միասնական ճակատի ստեղծումը եւ այդ ճակատով գործելը կրնայ թերեւս յաջողութիւններու հասցնել հայկական կողմը: Իշխանեան կարեւոր նկատեց Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին դիւանագիտական մարմինին կողքին փորձել օգտագործել նաեւ համահայկական տարբեր կառոյցներու ներուժը:

