Փինկ Փոնկ. Անթուան Շուէյրիի Մրցաշարք. Մումջողլեան Եւ Յովհաննէսեան Տիրացան Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Անթուան Շուէյրիի անունով փինկ փոնկի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին անցեալի վեթերան ախոյեաններ, որոնք չեն ստորագրած ֆետերասիոնին մաս կազմող որեւէ ակումբի տոմարներուն վրայ:

40-49 տարեկան դասակարգին մէջ, Սարգիս Յովհաննէսեան տիտղոսը պահեց իր մօտ` աւարտական մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հայտար Համիէի (11-6, 6-11, 11-2 եւ 11-5): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Միշել Մհաննա եւ Էլիաս Աուն:

Ինչ կը վերաբերի 50 տարեկան եւ վեր դասակարգի մրցումներուն, իր կարգին Րաֆֆի Մումջողլեան տիտղոսը պահեց իր մօտ` աւարտականին յաղթելէ ետք Միշել Ռըզքալլայի, 3-1 արդիւնքով (11-13, 11-5, 11-8 եւ 11-8): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Նեժի Շըլալա եւ Ժորժ Խուրի:

Աւարտին, նախքան մրցանակաբաշխութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա անդրադարձաւ Անթուան Շուէյրիի` նշելով, որ ան մեծապէս կը քաջալերէր Լիբանանի մէջ բոլոր տեսակի մարզաձեւերը` փորձելով միջազգային գետնի վրայ ալ անոր անունը բարձր պահել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )