Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ «Իսլամացած Հայերը» Նիւթով Գիտաժողովը

Akunq.net կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ սկսած է «Իսլամացած հայերը» նիւթով գիտաժողովը: Անիկա կազմակերպուած է «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ եւ տեղի կ՛ունենայ 2-4 նոյեմբեր` Պողազիչի համալսարանին մէջ:

Գիտաժողովին նպատակն է մէկ կողմէ հասկնալ եւ ներկայացնել իսլամացած հայերուն ապրած դժուարութիւններն ու անոնց հետեւանքները, միւս կողմէ` ուսումնասիրել եւ քննարկել այս խնդիրին շուրջ առկայ լռութեան շերտերն ու այդ լռութեան խախտման հոլովոյթը:

Ինչպէ՞ս ապրած են իսլամացած հայերը, ինչպէ՞ս յաղթահարած են դժուար փորձութիւնները, եւ ինչպէ՞ս անոնք անդրադարձած են իրենց սերունդներուն վրայ, ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուին ինքնութեան եւ ազգային պատկանելիութեան հասկացողութիւնները, ինչպէ՞ս ներկայիս տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները եւ լարուած իրավիճակը կ՛ազդեն անոնց կեանքին վրայ, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ իսլամացած հայերու լուռ կեցուածքը, ինչո՞ւ այդքան երկար ժամանակ պահանջուեցաւ, որ մեզի հասանելի դառնան իսլամացած հայերու պատմութիւնները, ինչո՞ւ անոնց անցած դժուարութիւններուն մասին մեր գիտելիքները այդքան սահմանափակ են եւ ինչո՞ւ այսօր հետաքրքրութիւնը կ՛աճի ողջ մնացածներու այս հատուածին նկատմամբ:

Այս եւ այլ հարցումներու պատասխանելով` գիտաժողովը նպատակ ունի նպաստել Հայոց ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն վերաբերեալ պատմական բանավէճերուն եւ ազգային ինքնութեան, պատասխանատուութեան եւ արդարութեան խնդիրներուն:

Share this Article
CATEGORIES