Երեւանի Եւ Մարզերու Մէջ Հոսանքազրկում` Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Ուժանիւթի Համակարգերու Մեկուսացման Պատճառով
Շաբաթ առաւօտեան մայրաքաղաք Երեւանի եւ շարք մը մարզերու մէջ արձանագրուեցաւ ելեկտրական հոսանքի անջատում, որուն պատճառը, ինչպէս կը նշուի Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի եւ Իրանի ուժանիւթի համակարգերու մեկուսացումն էր:
Հոսանքազրկումին պատճառով Երեւանի մէջ կաթուածահար եղած են մեթրոն, ելեկտրական փոխադրամիջոցները, համացանցը: Մեթրոյի ուղեւորները յայտնուած են անելանելի վիճակի մէջ` մնալով մութ վակոններու մէջ:
CATEGORIES Հայկական

