«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Քարանթինայի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին, Մեսրոպեան Վարժարանը Եւ Օգնութեան Խաչի Դարմանատունը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Կիլիկիոյ պարպումէն եւ հայերու Լիբանան տեղափոխումէն ետք, Պէյրութի արեւելեան ծովափնեայ գօտիին մէջ կազմաւորուած էր Քարանթինայի քէմփը: Թիթեղաշէն եւ փայտաշէն խրճիթներու կողքին, քէմփին շրջակայքը ժամանակի ընթացքին պեթոնաշէն բնակարաններ կառուցուած էին: Հոն կը գործէին Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին եւ Մեսրոպեան վարժարանը: Նշենք, որ շրջակայ Մար Մըխայէլ եւ Ամանոս թաղերու հայութիւնն ալ կապուած էր Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ:

«Ազդակ» տարբեր առիթներով եւ առանձին թղթակցութիւններով անդրադարձած է Քարանթինայի հայ կեանքին: 3 փետրուար 1957-ի, 1 սեպտեմբեր 1958-ի, 24 յունուար եւ 28 դեկտեմբեր 1962-ի թիւերով եւ «Ազգային կեանքը Քարանթային մէջ» խորագիրով  թղթակցութիւններով «Ազդակ» հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Քարանթինայի մասին, զորս համադրելով կը ներկայացնենք:

***

Եկեղեցի.- Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի հաստատութիւն մըն է Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, կրօնական ու ազգային տեսակէտով եւ ըստ այնմ ալ համապատասխան գուրգուրանքի արժանացաւ: Ամէն կիրակի, անխափան կատարուեցաւ կրօնական պաշտամունք եւ շրջանիս հայութեան հոգեւոր ու ազգային կարիքներուն հասաւ բոլորանուէր ծառայութեամբ: Եկեղեցին ունի կազմակերպուած դպրաց դաս մը եւ Աղքատախնամ մարմին մը, որոնք իրենց ուժերուն ներած չափով կը նպաստեն շրջանի կարիքաւորներուն:

Դպրոց.- Այս թաղականութեան ենթակայ է նաեւ ազգային Մեսրոպեան վարժարանը:

Այս վարժարանին գոյութիւնը մեծ պարգեւ մըն է թաղի ժողովուրդին համար կրթական եւ ազգային տեսակէտով: Նախապէս վարժարանը ունէր 6 դասարաններ նախակրթարանի եւ 4 դասարաններ մանկապարտէզի մէջ: Ունէր միայն մէկ բակ, որ կը ծառայէր թէ նախակրթարանի եւ թէ մանկապարտէզի համար զբօսանքի վայր, անթիւ անպատեհութիւններ ստեղծելով երկու բաժիններուն համար ալ:

Շինուեցաւ մասնաւոր բակ մը մանկապարտէզի համար եւ դասարան մը ծաղիկ դասարանին համար: Նախակրթարանի Ա. Բ. Գ. դասարանները բաժնուեցան զուգընթաց դասարաններու, բարձրացնելով դասարաններու թիւը 9-ի:  6-րդ դասարանի համար կառուցուեցաւ ներկայանալի դասարան մը երկրորդ յարկի վրայ: Տեսչարանը օժտուեցաւ հեռաձայնով մը մեծապէս դիւրացնելով գործառնութիւնները: Ուսուցչական կազմին թոշակները զգալի յաւելում մը կրեցին, եւ դաստիարակչական գործը աւելի լաւ կազմակերպուեցաւ շնորհիւ ուսումնական խորհուրդի կատարած ցուցմունքներուն եւ խնամքին:

Այս յաջողութեանց զօրավիգ կանգնեցաւ թաղին ժողովուրդը, որուն անվերապահ գնահատումին ու աջակցութեան շնորհիւ, թաղականութիւնը կրցաւ կատարել այս ազգօգուտ իրագործումները:

 ***

1961 դեկտեմբեր ամիսը անկիւնադարձ մը կազմեց Պէյրութի Քարանթինա թաղի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի կեանքին մէջ: Արդարեւ այս շրջանին արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր դպրոցին եւ իր շրջանակին մէջ: Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ սան-սանուհիներու սրտին շատ մօտիկ եղող եւ ամէնուն կողմէ բաղձացուած Շրջանաւարտից Միութիւնը կազմուեցաւ, որուն գլխաւոր դարբինները հանդիսացան անկասկած թաղական խորհուրդը, դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ վարակիչ խանդավառութեամբ լեցուած Մեսրոպեան վարժարանի նախկին սաները:

Արդարեւ, հինգշաբթի 14 դեկտեմբեր 1961-ին Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի թաղականութիւնն ու տնօրէնութիւնը խորհրդակցական ժողով մը ունեցան դպրոցին հին ու նոր շրջանաւարտներուն հետ վարժարանին մէջ: Շուրջ 30 երկսեռ շրջանաւարտներ ներկայ էին այդ ժողովին, ուր քննուեցաւ շրջանաւարտից միութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը:

Մեծապէս գնահատելի էր արդիւնքը տարուած աշխատանքին, քանի որ վերոյիշեալ խորհրդակցական ժողովէն միայն երեք օր ետք աւելի քան 70 երկսեռ շրջանաւարտներ փութացեր էին ներկայ գտնուելու անդամական Ա. Ընդհ. Ժողովին, ուր ընտրեցին նորակազմ միութեան վարչութիւնը, որ ընտրեց իր դիւանը եւ որոշեց պատրաստել ներքին ծրագիր- կանոնագիրը:

Միութեան առաջին ձեռնարկը, Կաղանդի առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը պսակուեցաւ կատարեալ յաջողութեամբ: Այս առիթով կիրակի 31 դեկտեմբեր կէսօրէ ետք ժամ 3-ին ներկայ էին թաղական խորհուրդի անդամները, տնօրէնուհին` տիկին Վարդիթեր Մկրտիչեան եւ մօտ 100 երկսեռ շրջանաւարտներ: Հրաւիրեալները հիւրասիրուեցան թէյով եւ կարկանդակով: Վարչութեան ատենապետ Եփրեմ Զէքեանի բացման խօսքէն ետք գործադրութեան դրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն մաս կազմեցին շրջանաւարտներէն, օրդք. Արաքսի Պարսամեան եւ Էլիզ Տօմպուրեան արտասանութեամբ, օրդք. Անայիս եւ Տիգրանուհի Տէմիրճեաններ` մեներգներով, ուսուցչական կազմէն օրիորդներ Նուարդ Մախտումեան եւ Արաքսի Քիւբէլեան դարձեալ մեներգներով իսկ Րաֆֆի Գահրամեան կարդաց իր գրած մէկ շատ գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը Կաղանդին նուիրուած:

Այս հանդիպումին վերջաւորութեան խօսք առաւ տնօրէնուհին եւ շեշտեց թէ անհատի մը կեանքին մէջ անմոռանալիօրէն դրոշմուած կը մնան իր նախկին դպրոցէն մնացած քաղցր յիշատակներ եւ անոր հոգին դպրոցին մէջ է որ կը յղկուի: Յետոյ խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն, մաղթեց որ նոր տարին բերէ իրեն հետ ժպիտի եւ ուրախութեան օրեր: Բոլորին սրտին խօսող իր վերջին մաղթանքն էր ունենալ բախտաւորութիւնը տօնելու յառաջիկայ նոր տարին նոր շէնքի մը սրահին մէջ:

Հանդէսի փակումէն առաջ եղան հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները. թաղականներէն պրն. Ա. Պապայեան 25 լիբ. ոսկի, պրք. Յ. Սահակեան եւ Պետրոս Քէշիշեան 10-ական լիբ. ոսկի, շրջանաւարտներէն տիկին Պերճուհի Մահսերէճեան, օրդ. Ո. Էկիւլեան, պրն. Յ. Գոճայեան եւ օրդ. Ա. Մկրտիչեան 5-ական ոսկի:

* * *

Վարժարանիս ամանորի հանդէսը տեղի ունեցաւ Քարանթինայի օգնութեան խաչի սրահին մէջ, երկուշաբթի յունուար 1-ին, կէսօրէ վերջ ժամը ճիշդ 5-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Խորէն Ս. Արք.ին: Յայտագրին գործադրութեան մէջ իրենց բաժինները բերին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բոլոր դասարաններու աշակերտները:

Եղան անհատական եւ խմբական խմբերգներ եւ պարեր: Իսկական վայելք մըն էր դիտելը նախակրթարանի Ա. Բ. Գ. եւ Դ. դասարաններու աշակերտներուն կողմէ կատարուած հայկական պարը ինքնավստահ եւ ճկուն խաղարկութեամբը բոլոր պարողներուն:

Հանդէսին վերջաւորութեան առաջնորդ սրբազանը հրաւիրուեցաւ բեմ որպէսզի ընէ փակման խօսքը:

«Նոր տարուայ սեմին», ըսաւ Սրբազան Հայրը,- «Մեր առաջին խօսքը պիտի ըլլայ շնորհաւորել բոլորդ եւ մաղթել բարի տարի մը, խաղաղութեան, միաբանութեան, բարօրութեան եւ սիրոյ տարի մը, որովհետեւ այսպէսով է որ կրնանք պահել մեր լեզուն, մեր ազգութիւնը եւ մեր հայեցի դիմագիծը»:

Շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան իր խօսքերը ուղղեց թաղականութեան եւ կրթական մշակներուն, որոնց ձեռքը յանձնուած է ապագայի հայ մարդը:

«Կը շնորհաւորենք Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի  մարմինները, ինչպէս նաեւ Շրջանաւարտից միութիւնը եւ սրտանց կը մաղթենք յաջողութիւն իրենց բոլոր ձեռնարկներուն մէջ: Մասնաւորաբար կը շնորհաւորենք պատկան թաղականութիւնն ու տնօրէնութիւնը, որոնք Շրջանաւարտից միութիւն մը հիմնելու այս շատ գեղեցիկ գաղափարին նախաձեռնողները եղան եւ ոչինչ ժամանակի մը մէջ հիմնեցին այնքան անհրաժեշտ եղող այս միութիւնը, խանդավառ գործակցութեամբը բոլոր շրջանաւարտներուն, որոնք ջանք չեն խնայեր սատարելու վարժարանին բարօրութեան, որպէսզի ան դառնայ տիպար կրթական վառարան մը»:

* * *

Քարանթինայի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած «Թատերական երեկոյթ»-ը տեղի ունեցաւ շաբաթ եւ կիրակի երեկոները ժամը ճիշդ 8:30-ին, ստուար հասարակութեան մը ներկայութեան:

Թատերգրութեան սկսելէ առաջ, միութեան ատենապետ Եփրեմ Զէքեան ըրաւ հանդիսութեան բացման խօսքը եւ ըսաւ. «Շրջանաւարտից այս միութիւնը, որ տարիներ շարունակ շրջանիս մէջ իբրեւ երազ կը սաւառնէր, այսօր դարձած է իրականութիւն եւ ազգօգուտ գործունէութեան հակամէտ: Միութեան կատարած գործունէութեանց կարգին կ՛ուզենք կարեւորութեամբ յիշել «Գիշերային դասընթացք»ի ստեղծումը շրջանիս թերուս բնակչութեան ազգային գիտակցութիւն ջամբելու նախաձեռնութենէն մղուած, եւ աւելցնեմ որ յիրաւի մեծ յաջողութիւն գտած է այս գաղափարը, որովհետեւ մեծ թիւով հետեւողներ ունեցած է եւ տակաւին հետզհետէ կ՛աւելնայ անոնց թիւը»:

* * *

Շրջանին ուսում առնելու անկարող մատղաշ մանուկներուն կարելիութիւններ ստեղծելու եւ դպրոցին բեռը թեթեւցնելու նպատակաւ, Շրջանաւարտից միութիւնը կազմակերպած է «Տայի Կարապետ» թատրերգութիւնը, մասնակցութեամբ միութեան անդամներուն եւ օժանդակութեամբ` Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի ղեկավար` Թաթուլ Այնէճեանի եւ Բիւզանդ Արզումանեանի: Այստեղ պարտք կը սեպենք շնորհակալութեան մեր խօսքը ուղղելու «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի վարչութեան, որ իրենց թանկագին ժամերը մեզի տրամադրելով, օգտակար հանդիսացան սոյն ձեռնարկի յաջողութեան եւ շրջանիս Տիգրան Ծամհուր ակումբի վարչութեան, որ սիրայօժար կերպով տրամադրեց սրահը:

Թատրերգութիւնը` «Տայի Կարապետ», կը ներկայացնէ ԺԹ. դարու  պոլսահայ ընտանիքի մը ներքին կեանքը, անոնց հետ առընթեր պոլսահայ բարքերն ու սովորութիւնները: «Կարապետ Տայի»ն, զոր կը մարմնաւորէր Տրդատ Աւետիքեան, տիպարն է պոլսեցի անուս այն դասակարգին, որոնք ջոջերու ուղիին հետեւող եւ միայն անոնց խօսքին մէջ իրականութիւնը տեսնող մարդիկ եղած են: Դերասանը մեծ յաջողութեամբ արտայայտեց իր դերը եւ մաղթելի է զինք ուրիշ բեմերու վրայ տեսնել:

«Կարապետ Տայի»ին կնոջ դերը, զոր կը մարմնաւորէր Տ. Տէմիրճեան, առաւելաբար ցոյց կու տար այն կիները, որոնք նոյնիսկ մինչեւ այսօր մեծ հաւատք կ՛ընծայեն բախտախաղին, թուղթ կը բանան` վստահ կերպով իմանալու կատարուելիք իրողութիւնները: Բաւական լաւ խաղարկութիւն մը ցոյց տրուեցաւ, թէեւ յաճախ շուարումի արտայայտութիւնները զգալի կը դառնային:

Օգսէնի դերը վստահուած էր Բ. Արզումանեանին, որ մեծ յաջողութեամբ եւ բնական խաղարկութեամբ նպաստեց թատրերգութեան յաջողութեան:

Կարապետ Տայիին աղջկան դերը մարմնաւորած էր Արփինէ Գօճայեան, իսկ նշանածին դերը` Յովհաննէս Սահակեան, որոնք իբրեւ առաջին անգամ բեմ ելլողներ, բաւական յաջող էին:

Ներկայացումէն անմիջապէս վերջ, միութեան վերելքին նպաստելու դիտումով, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եղան.- Տէմիրճեան եղբայրք 10, Պետրոս Քէշիշեան 10, Լեւոն Փանոսեան 10 եւ Յակոբ Մարգարեան 5 լ. ոսկի:

* * *

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ.- Ամէն տարուան նման  կատարուեցաւ Ազգային տուրքի հանգանակութիւնը: Թաղական խորհուրդի կազմած հանգանակիչ յանձնախումբերը, եռանդով շրջեցան տունէ տուն, եւ հաւաքեցին ժողովուրդին նուէրները, որոնք սիրայօժար եւ ազգային գիտակցութեամբ կը մասնակցէին հանգանակութեան: Նկատելի է, որ մեր ժողովուրդը, տարուէ տարի, աւելի գիտակցօրէն կը մօտենայ եւ կը քաջալերէ ազգային տուրքի գանձումները, շնորհիւ կատարուած դաստիարակիչ աշխատանքներուն:

ՔԷՄՓԵՐՈՒ ՏԵՂԱՒՈՐՄԱՆ ԽՆԴԻՐ.- Քարանթինայի հիւղաւաններուն մէջ բնակող հայութիւնը խանդավառութեամբ իմացաւ մեր բարեխնամ կառավարութեան քէմփերը մարդավայել բնակարաններով փոխարինելու որոշումը. քանի որ կառավարութիւնն է որոշողը ժողովուրդը վստահութեամբ ներշնչուած է: Իրապէս քէմփերու վերացումը եւ զանոնք մարդավայել բնակարաններով օժտելը, Լիբանանի կառավարութեան ժամանակակից իրագործումներու ամէնէն ուշագրաւ դէպքը պիտի կազմէ:

Անցեալ 30 տարիները, այս քէմփերու մէջ, այլասերումի եւ յուսահատութեան տառապագին շրջան մը եղաւ մեր ժողովուրդին համար:

Մարդկօրէն ու ազգայնօրէն շատ տուժեցինք: Այս վնասաբեր եւ աւերիչ պայմաններու մէջ հասակ առնող սերունդը, շատ մեծ, կազմակերպեալ ու դաստիարակիչ ճիգերով է որ պիտի վերագտնեն ինքզինքնին: Աւերիչ միջավայրի ազդեցութիւնը շատ մեծ եղած է անոնց վրայ ամէն տեսակէտով:

Օգնութեան Խաչի Ակումբի Բարեզարդում

Օգնութեան խաչի ակումբի բարեզարդման աշխատանքները կը շարունակուին կանոնաւորապէս:

Վերջին տարիներու ընթացքին ակումբը ընդարձակուած էր եւ օժտուած` գեղակերտ սրահով մը: Սակայն, դժբախտաբար, գլխաւորաբար նիւթական պատճառներով, սրահին բարեզարդման աշխատանքները երեք տարիէ ի վեր առկախուած էին եւ ակումբը կը մնար կիսաւարտ վիճակի մէջ:

Վերակազմուեցաւ Շինութեան յանձնախումբը, աշխատանքները յաջողութեամբ յառաջ տարուեցան ամիսներու ընթացքին, շնորհիւ Շինութեան Յանձնախումբի եռանդուն անդամներուն` յանձինս Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Կարապետ Աֆարեանի, թաղապետ Գէորգ Հայթայեանի եւ թաղականութեան անդամ  Մկրտիչ Ճգնաւորեանի:

Շինութեան յանձնախումբը իր աշխատանքներու ծրագիրը բաժնած էր երկու մասի-հանգանակութիւն եւ բարեզարդում: Ի պատիւ Շինութեան յանձնախումբի անդամներուն եւ թաղի հայութեան ցուցաբերած զոհողութեան բարձր ոգիին, թէ հանգանակութեան ձեռնարկը եւ թէ բարեզարդումի աշխատանքները արդէն իսկ յաջողութեամբ պսակուած են:

Արդարեւ, ընդառաջելով Շինութեան յանձնախումբի հրապարակային կոչին, ամէն գիտակից ու ազգասէր հայ, անխտիր, լիաբուռն ընծայաբերեց իր լուման, առաւել կամ նուազ չափով առաջադրուած ազգօգուտ նպատակի իրագործման ի խնդիր:

Այս կերպով, շրջանը վերջնականապէս կ՛օժտուի գեղակառոյց արդիական ակումբով մը, իր բոլոր յարմարութիւններով եւ յատուկ բաժիններով (դարմանատուն, գրադարան, սրահ եւ այլն):

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հովանաւորութեան ներքեւ, գթութեան այս տունը դրուած է հայ ժողովուրդին տրամադրութեան տակ, գոհացում տալու համար անոր ազգային եւ ընկերային բազմապիսի կարիքներուն:

Ի շարս այլոց, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը կարեւոր գումարով մը (500 լ.ոսկի) իր մասնակցութիւնը բերած է բացուած հանգանակութեան:

Օգնութեան Խաչի Դարմանատունը

Ակումբին մէջ հաստատուած դարմանատունը կը գործէ կանոնաւորապէս, ձրիաբար բժշկական դարմանում ընձեռելով շրջանի հիւանդներուն: Դարմանատան բժիշկն է տոքթ. Մելքոն Հայրապետեան, որ տարիներէ ի վեր, մեծ բարեխղճութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:

Դարմանատան մէջ կը դարմանումին ամէնազգի հիւանդներ, անխտիր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES